image

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքին Վատիկանի ունկնդրութիւնը՝ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքին Վատիկանի ունկնդրութիւնը՝ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ

Լեւոն ԺԴ. Պապին պաշտօնական հանդիպումներու խիտ օրակարգին մէջ յատուկ տեղ գրաւեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ ունկնդրութիւնը։ Լիբանանէն ժամանած հայ կաթողիկէ հոգեւոր առաջնորդին հետ այս հանդիպումը անգամ մը եւս ընդգծեց Սուրբ Աթոռին ուշադրութիւնը Արեւելեան Եկեղեցիներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր ու եկեղեցական սերտ կապը։

Պապին առաւօտեան առաջին հանդիպումներէն մէկը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքին հետ էր, ինչ որ խորհրդանշական նշանակութիւն ունի՝ յատկապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնէական ներկայութեան, Լիբանանի եկեղեցական իրականութեան եւ հայ կաթողիկէ համայնքի դերակատարութեան տեսանկիւնէն։

Ստորեւ այդ  մասին «Վատիկան Նիւզ»ի  կողմէ հրապարակուած լուրը՝

Օրը սկսաւ ժամը 8:30-ին՝ Լիբանանէն ժամանած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ ունկնդրութեամբ։ Ժամը 9:00-ին Քահանայապետը ընդունեց Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամները աւանդական հանդիպում մը, որ կը հաստատէ Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան ընթացքը եւ ամէն տարի կը զուգադիպի Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առնթեր։

Օրը կը սկսի ժամը 8:30-ին՝ Լիբանանէն ժամանած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ ունկնդրութեամբ։ 

Ժամը 9:00-ին Քահանայապետը կ՛ընդունի Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամները աւանդական հանդիպում մը, որ կը հաստատէ Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան ընթացքը եւ ամէն տարի կը զուգադիպի Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առնթեր։ Ժամը 9:30-ին Պապը կ՛ ընդունի Ճենովայի երբեմնի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Անճելօ Պանեասքոն, իսկ ժամը 10:00-ին կը հանդիպի Մարոնի Եկեղեցւոյ Անտիոքի Ամենապատիւ Պատրիարք, կարդինալ Պըշարա Պըթրոս Ռայիի հետ, որ նոյնպէս Լիբանանէն ժամանած է։ Յաջորդաբար, ժամը 10:30-ին, տեղի կ՛ունենայ Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան Պանկիի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Տիէօտոնէ Նզափալայինկայի ունկնդրութիւնը, իսկ ժամը 11:00-ին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Տենվըրի արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Ճէյմս Ռ. Կոլքայի հետ հանդիպումը։ Ժամը 11:30-ին Քահանայապետը կ՛ ողջունէ Թուրինի արքեպիսկոպոս եւ Սուսայի եպիսկոպոս, կարդինալ Ռոպերթօ Ռեփոլէն, ապա նախքան առաւօտեան հանդիպումներու աւարտը, ժամը 12:00-ին, Ան կը հանդիպի նաեւ Քահանայապետական Դիւանագիտական Ակադեմիայի (Pontificia Accademia Ecclesiastica) աւարտականներուն հետ։ Ունկնդրութեան կը մասնակցին տասներկու հոգի։ Օրակարգը անգամ մը եւս կը շեշտէ Պետրոսեան պաշտօնի միջազգային բնոյթը՝ Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն, Ափրիկէէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն եկած զրուցակիցներով, եւ կը հաստատէ Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու յարաբերութիւնները Արեւելեան Եկեղեցիներու հետ, խթանելու տիեզերական երկխօսութիւնը եւ ընկերակցելու եկեղեցւոյ դիւանագիտական անձնակազմի պատրաստութեան։