image

Իրանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին

Իրանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին

 

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան, Յուլիս 3-ին Թեհրանի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին՝ Իրանի համար դժուար ժամանակաշրջանին ցուցաբերած համերաշխութեան եւ աջակցութեան համար՝ ընդգծելով, որ Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ աւելի սերտ համագործակցութիւնը բխած է երկու ժողովուրդներու շահերէն։ Այս մասին կը հաղորդէ իրանական Mehr լրատու գործակալութիւնը։

Փեզեշքիան նշեց, որ Հայաստանէն ստացուած զօրակցութեան պատգամները կը վկայեն երկու դրացի ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութեան եւ պատմական խոր կապերուն մասին։ Ան բնորոշեց Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները որպէս փոխադարձ յարգանքի, բարի դրացիութեան եւ ընդհանուր շահերու վրայ հիմնուած՝ ընդգծելով, որ երկու երկիրները շարունակաբար ընդլայնած են իրենց համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ։

Իրանի նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին՝ վերջին հակամարտութեան ընթացքին ցուցաբերած համագործակցութեան համար եւ յոյս յայտնեց, թէ շուտով աւարտին պիտի հասցուին երկկողմ համապարփակ համագործակցութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները։

Անոր համաձայն՝ նախատեսուող համաձայնագիրը նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ մաքսային, փոխադրական, տարանցիկ, առեւտրական եւ տնտեսական համագործակցութեան համար։ Փեզեշքիան միաժամանակ շեշտեց, որ Թեհրանի եւ Երեւանի յարաբերութիւնները պէտք է զերծ մնան արտաքին միջամտութիւններէ եւ առաջնորդուին բացառապէս երկու պետութիւններու անկախ կամքով։ Ան նաեւ նշեց, որ տարածաշրջանէն դուրս ուժերու միջամտութիւնը յաճախ աւելի կը խորացնէ առկայ խնդիրները, քան կը նպաստէ անոնց լուծման։

Իրանի նախագահը վերահաստատեց նաեւ իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքները՝ շեշտելով բոլոր պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը, ինչպէս նաեւ տարակարծութիւնները երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցաւ լուծելու անհրաժեշտութիւնը։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, իր կարգին, Հայաստանի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ յիշատակելով նահատակ առաջնորդին հետ ունեցած հանդիպումները։ Ան վերահաստատեց, որ Հայաստանը յանձնառու կը մնայ Իրանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման եւ երբեք պիտի չմասնակցի այնպիսի նախաձեռնութիւններու, որոնք կրնան վնասել Իրանի անվտանգութեան կամ ազգային շահերուն։

Փաշինեան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները ներկայիս կը գտնուին իրենց ամէնէն բարձր մակարդակին վրայ՝ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր։