Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հեռախօսազրոյց ունեցած է ատրպէյճանցի իր գործընկերոջ՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ minval.az լրատուականը։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ Չաւուշօղլուն ու Պայրամովը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը: