image

Մկրտիչ Սիւմպիւլեան պիտի ներկայացնէ Հալէպը

Մկրտիչ Սիւմպիւլեան պիտի ներկայացնէ  Հալէպը

Հալէպահայ  մարզիկ Մկրտիչ Սիւմպիւլեան  պիտի ներկայացնէ Հալէպը՝ յառաջիկային տեղի ունենալիք Սուրիոյ փինկ-փոնկի ախոյեանութեան խաղերուն։

Այս մասին իմացանք «Արմինեընզ օֆ Սիրիա»  դիմատետրի էջէն։

Աղբիւրը նաեւ կը յիշատակէ, որ Սիւպիւլեան, որուն անունը յիշուած է Հալէպը ներկայացնող մարզիկներու ցուցակին մէջ, անցեալ շրջանին եւ  Հալէպի մէջ կայացած մրցումներուն գրաւած էր ընդհանուր դասաւորութեան 3-րդ դիրքը։

Յաջողութիւն հայ մարզիկին։