image

Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Շաքէ Աբոշեանը

Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Շաքէ Աբոշեանը

Հալէպի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան,  իր մահկանացուն կնքած է Շաքէ Աբոշեանը (Ծնեալ՝ Ազէզեան, 1944թ. - Հալէպ):

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

Ամբողջ կեանք մը՝ լեցուն նուիրուածութեամբ եւ հայեցիութեամբ, բոլորին կողմէ յարգուած եւ սիրուած տիկին Շաքէն երկար տարիներու ընթացքին ներգրաւուած է միութենական աշխատանքներու մէջ: Ան մասնաւորապէս եղած է անդամ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչին եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ծառայած է հալէպահայ համայնքին:

Նշեք նաեւ, որ ան եղած է ընթերցասէր եւ մեծ ճիգ ներդրած է հասցնելու համար հայկական աւիշով սերունդ մը: Մայր է երկու զաւակներու եւ մեծմայր՝ հինգ թոռներու:

Իր աչքերը յաւերժին փակած տիկին Շաքէին յիշատակը յաւերժ պիտի մնայ իր սիրելիներուն, հարազատներուն եւ ընտանեկան մեծ ու փոքր շրջանակներուն համար:

Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի պարագաներուն եւ մասնաւորապէս մեր ընթերցողներէն՝ տիրար Լեւոն Աբոշեանին: