Լիբանացիք կը շտապեն քաղաքացիական կարգավիճակի քաղուածք (իխրաժ գայտ) ունենալու։ Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ lebanon24 կայքէն:
Աղբիւրը ընդգծած է, որ Լիբանանի տարբեր շրջաններու Քաղաքացիական հարցերով զբաղող գրասենեակներէն ներս նկատուած է խճողում: Պատճառը այն է, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութիւն ընդհանրապէս չկայ եւ ելեկտրածին շարժակները գործի մղելու համար վառելանիւթ նմանապէս չկայ, եւ այդ կ'ուշացնէ ելեկտրոնային ձեւով քաղաքացիական քաղուածքները պատրաստելու գործընթացը:
Միւս կողմէ, կան նաեւ մտավախութիւններ, որ Լիբանանի ներկայ սուր տագնապի պայմաններուն ներքեւ, սպառին այն պաշտօնական անթեթաւոր թուղթերը, որոնց վրայ կը տպուին ընտանեկան քաղուածքները, ծննդեան ու մահուան վկայականները, կամ այլ տեղեկանքներ:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, թէ նոյն պատճառաւ կառոյցներուն մէջ չեն աշխատիր նաեւ օդափոխիչները, ինչ որ պաշտօնեաներուն համար կը ստեղծէ աշխատանքային բաւական դժուար պայմաններ, նկատի առնելով հեղձուցիչ ու տաք եղանակը: