Միանմարի մէջ ռազմական ուժերու եւ բնակչութեան միջեւ բախումներու հետեւանքով սպանուած է առնուազն 25 մարդ: Այս մասին կը հաղորդէ Al Jazeera լրատուականը։
Յայտնի է, որ որոշ շրջաններու մէջ քաղաքացիական անձինք ստեղծած են «պաշտպանական ուժեր»՝ պետական կառավարման դէմ զէնք վերցնելու նպատակով։ Վերջին բռնութիւնները տեղի ունեցած են մայրաքաղաք Նայփյիտոյէն 300 քիլոմեթր հիւսիս՝ Սակաինկ շրջանի Տիփային քաղաքին մէջ։ Բախումներէն ետք հաւաքուած է զոհերու 25 մարմին։
Բնակիչները նշած են, որ ռազմական բեռնատարները մտած են քաղաք եւ կրակ բացած՝ յոյս ունենալով բացայայտել տեղի պաշտպանական ուժերու անդամները։ Անոնք նշած են, որ պաշտպանական ուժերու անդամները փորձած են պատասխան կրակ բանալ, սակայն զինուորականները սկսած են կրակել իրենց ճանապարհին յայտնուող որեւէ մարդու վրայ՝ առանց յստակ թիրախ ունենալու։
ՄԱԿ-ի տուեալներու համաձայն՝ Միանմարի յեղաշրջումէն ետք շուրջ 23 հազար քաղաքացի բռնութեան հետեւանքով լքած է իր տունը։ Քաղբանտարկեալներու աջակցութեան միութիւնը, իր հերթին, կը յայտնէ, որ Փետրուարէն ի վեր առնուազն 888 մարդ սպանուած է անվտանգութեան ուժերու կողմէ, իսկ մօտ 5200-ը կալանքի տակ է:
Յիշեցնենք, որ Միանմարի մէջ տեղի ունեցած է ռազմական յեղաշրջում, որու ընթացքին զինուորականները ձերբակալած են «Ազգային լիկա յանուն ժողովրդավարութեան» կուսակցութեան ղեկավար եւ պետական խորհրդական Աուն Սան Սու Չժին, նախագահ Վին Մյինան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Զինուորական հեռուստատեսութիւնը հաղորդած էր երկրին մէջ մէկ տարի ժամկէտով արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին: Պետական յեղաշրջման հետեւանքով պետական իշխանութիւնը երկրին մէջ անցած է Միանմարի զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Մին Աունկ Խլայնուի ձեռքը, իսկ նախագահի պաշտօնակատար դարձած է փոխնախագահ Մյինկ Շվէն: