image

Իսրայէլի գործողութիւններու հետեւանքով Կազայի մէջ զոհերու թիւը գերազանցած է 73 հազարը

Իսրայէլի գործողութիւններու հետեւանքով Կազայի մէջ զոհերու թիւը գերազանցած է 73 հազարը

 

2023 թուականի Հոկտեմբերէն ի վեր Իսրայէլի կողմէ Կազայի հատուածին դէմ կատարուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով առնուազն 73,090 պաղեստինցի սպաննուած, իսկ 173,550 հոգի՝ վիրաւորուած։

Այս մասին տեղեկութիւններ հրապարակած է Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը։

Նախարարութեան համաձայն, անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Կազայի շուրջ ձեռք բերուած հրադադարէն ի վեր, պաշարուած շրջանին մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած է 1,066 պաղեստինցի, մինչդեռ 3,445 մարդ վիրաւորուած է։