image

Լիբանանեան լիճն իր առեղծուածով... Սատկած են հարիւրաւոր ձուկեր

Լիբանանեան լիճն  իր առեղծուածով... Սատկած են հարիւրաւոր ձուկեր

Աւելի քան 40 թոն սատկած ձուկ յայտնուած է Լիբանանի հարաւային շրջանը գտնուող լիճերէն մէկուն մակերեսին: Այս մասին կը հաղորդէ BBC News-ը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ տեղի բնակիչները համոզուած են, որ ձուկերու ոչնչացման պատճառը ջուրի աղտոտուածութիւնն է, սակայն իշխանութիւնները չեն բացառեր հիւանդութեան առկայութեան տարբերակը:

 Արտասովոր երեւոյթը տեղի ունեցած է Քարաուն արհեստական լիճին մէջ, ուր կը թափի երկրի ամենամեծ գետը՝ Լիթանին: Տեղի բնակիչներու պնդմամբ՝ Լիթանի գետն ամբողջութեամբ աղտոտած է, ուր զանազան իրեր կը նետուին:

 Անոնք նշած են, որ տեղի արդիւնաբերական գօտիի տարածքին ընդգրկուած բոլոր գիւղերուն եւ բնակավայրերուն մէջ աղտոտածութեան բարձր մակարդակ կայ: Մասնագէտներն, այնուամենայնիւ, դեռ չեն պարզած ձուկներու զանգուածային ոչնչացման պատճառը: