Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի ամենավստահելի գործընկերներէն է, իսկ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններն այսօր աւելի մօտ են, քան երբեւէ։
Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է Կառավարութեան մէջ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին։
Ան նշած է, որ ուրախ է տարուան ընթացքին արդէն երկրորդ անգամ Հայաստանի մէջ հիւրընկալելու Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը։
«Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան հիմքում Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրն ու Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգն են, որոնք հիմնուած են ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան ընդհանուր արժէքների վրայ»,-ըսած է ան։
Փաշինեան նշած է, որ երկկողմ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի տնտեսութեան բազմազանեցման եւ այդ ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան աջակցութեան տարբեր մեխանիզմներու կիրառման վերաբերող հարցեր։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան՝ Հայաստանին տրամադրած 52 միլիոն եւրոյի պիւտճէական աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ հայկական ապրանքներու նկատմամբ ինքնավար առեւտրային միջոցներ կիրառելու վերաբերեալ նախագիծ ներկայացնելուն համար։
«Այդ որոշումը ուժի մէջ մտնելէ ետք, Հայաստանը պիտի դառնայ առաջին երկիրը, որ չունի ո՛չ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ եւ ո՛չ ալ Եւրոպական Միութեան հետ ազատ առեւտուրի համաձայնագիր, սակայն Եւրոպական Միութիւնը անոր նկատմամբ պիտի կիրարկէ այս գործիքը»,– նշած է վարչապետը։
Ան աւելցուցած է, որ հայկական կողմը յոյս ունի, որ Եւրոպական Միութեան եւ անդամ պետութիւններու հետ աշխուժ համագործակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ հնարաւորինս արագ աւարտել որոշման ընդունման գործընթացը՝ նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ արդէն սկսած է բերքահաւաքի շրջանը։