image

Ընտրութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ ՍԴ նիստի օրը յայտնի է

Ընտրութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ ՍԴ նիստի օրը յայտնի է

20 Յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանականընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու մասին քաղաքական ուժերու ներկայացուցած դիմումի քննութիւնը ՀՀ Սահմանադրական դատարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ 9 Յուլիսին՝ ժամը՝ 11:00-ին:

Քաղաքական ուժերու ներկայացուցած դիմումի քննութիւնը տեղի պիտի ունենայ բանաւոր  ընթացակարգով։

Յիշեցնենք՝ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները ճանչնաելու մասին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումը չեղեալ համարելու մասին  ՍԴ դիմում ներկայացուցած էին «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները, «Զարթօնք» եւ «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւնները։

Գործով զեկուցող նշանակուած է ՍԴ դատաւոր Էտկար Շաթիրեանը։

Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» դաշինքը միջնորդած է, որ Վահէ Գրիգորեանը չմասնակցի ՍԴ-ի մէջ դիմումի քննարկման: Դաշինքի միջնորդութիւնը պիտի քննուի տուեալ գործի շրջածիրէն ներս: