Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն մէկ շաբթուան դադար տրամադրած է Իրանին՝ 2026-ի Փետրուար 28-ին ամերիկեան եւ իսրայէլեան օդային հարուածներուն հետեւանքով զոհուած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախկին գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան առիթով։
Սպիտակ տան ղեկավարը այս յայտարարութիւնը կատարած է Հարաւային Տաքոթայի մէջ, Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան առիթով ունեցած իր ելոյթին ընթացքին։
«Անոնք կ՚ուզեն համաձայնութեան գալ։ Անոնք յուսահատօրէն կ՚ուզեն համաձայնութեան հասնիլ։ Յուղարկաւորութեան պատճառով անոնց մէկ շաբթուան ընդմիջում տուած ենք»,– ըսած է Թրամփ։
Յուլիս 3-ին Թեհրանի մէջ սկսած է Ալի Խամենէիի հրաժեշտի արարողութիւնը, իսկ յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է Յուլիս 9-ին։