Հանրապետութեան տարածքին`
Յուլիս 4-ին կէսօրէ ետք, 5-8-ին գիշերը եւ կէսօրէ ետք շրջաններու զգալի մասին մէջ, 9-ին՝ գիշերը եւ կէսօրէ ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին վայրերու մէջ կը սպասուի նաեւ կարկուտ։ Յուլիս 4-ի երեկոյեան, 5-7-ին առանձին հատուածներու մէջ անձրեւները պիտի ըլլան յորդառատ։ Քամին`արեւմտեան՝ 2-5 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում՝ 18-23 մ/վ արագութեամբ։
Օդի ջերմաստիճանը յուլիս 4-6-ին՝ ցերեկային ժամերուն աստիճանաբար պիտի նուազի 5-7 աստիճանով։
Երեւան քաղաքին մէջ՝
Յուլիս 5-9-ին՝ գիշերը եւ կէսօրէ ետք կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ՝ քամիի ուժգնացում՝ 17-20մ/վ արագութեամբ։ Յուլիս 4-ի երեկոյեան, 5-ի գիշերը քաղաքի առանձին հատուածներու մէջ անձրեւները պիտի ըլլան յորդառատ։