Այս Կիրակի, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած Մանուկ (Մանօ) Հալաճեանի։ Ընտանիքը, հաւատարիմ մնալով հանգուցեալի մարդկային եւ բարեսիրական ոգիին, որոշած է հոգեհանգստեան կարգի աւարտին աւանդական հոգեճաշ կազմակերպելու փոխարէն՝ այդ օր հոգալ Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոցի 90 հայ ծերունիներու կիրակի օրուան ճաշի ծախսերը։
Այս որոշումը իր մէջ կը կրէ ոչ միայն յիշատակի արժանավայել արտայայտութիւն մը, այլ նաեւ կենդանի պատգամ մը՝ նուիրումի, խոնարհ ծառայութեան եւ մարդասիրութեան։ Մանօ Հալաճեանի յիշատակը այսպէս կը շարունակէ ապրիլ ոչ միայն իր ընտանիքի եւ հարազատներու սրտերուն մէջ, այլ նաեւ այն բարի գործին ընդմէջէն, որ կը հասնի կարօտեալ ու խնամքի կարիք ունեցող տարեցներուն։
Նշենք, որ հանգուցեալը կը վայելէր իր շրջանակի հայութեան յարգանքը։ Ան երկար տարիներու գործունէութիւն ծաւալած էր՝ հիմնադրելով արծաթեղէնով պատրաստուած սպասքի հանրայայտ գործարան մը, որ աւելի ուշ յայտնի դարձաւ իր ստեղծած «Argenterie Mano» մակնիշով եւ տարածուեցաւ աշխարհով մէկ, յատկապէս Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ։
Լիբանանի մէջ երեւելի դարձած տնտեսական բարդ դրութեան հետեւանքով Տիար Հալաճեան ստիպուած եղած էր իր գործունէութիւնը շարունակել եւ նոր ճանապարհներ բանալ այլ ուղղութիւններով՝ մուտք գործելով նաեւ բնակարանային ոլորտ, ուր եւս արձանագրած էր փայլուն յաջողութիւններ։
Հակառակ յառաջացած տարիքին, հանգուցեալը միշտ մնացած էր եռանդուն, աշխատասէր եւ նպատակասլաց՝ դառնալով հայ մարդու նուիրեալ, շինարար եւ արժանապատիւ տեսակի վառ օրինակ մը։
«Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի անոր որդւոյն՝ Տիար Վահէ Հալաճեանին, ինչպէս նաեւ վերջինիս ընտանիքին ու ամբողջ օճախին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Վահէ Հալաճեանի գրառումը՝ իր հօր կորուստի քառասունքին առթիւ.
Քառասուն օր անց…
«Հա՛յր, քու բացակայութիւնդ ամէն օր աւելի ծանր կը դառնայ։ Դուն մեզի ձգեցիր արժանապատուութիւն, սէր, ազնուութիւն եւ մարդկային մեծութիւն։
Այս քառասուն օրերը նաեւ մեզի ցոյց տուին, թէ ովքե՛ր իսկապէս մարդ էին, եւ ովքե՛ր միայն քու լոյսէդ ու բարութենէդ օգտուած էին։ Երբ լոյսը մարեց, անոնք ալ անհետացան։
Բայց քու անունդ, արժէքներդ եւ յիշատակդ երբեք պիտի չմարեն։
Յաւէտ յիշատակ քեզ, սիրելի հայր։
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ եւ երկնային խաղաղութիւն պարգեւէ»։