Արդեօք ոեւէ մէկը կասկած ունէ՞ր, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի անցնին հանդարտաբարոյ, կայուն ու կարգապահական մթնոլորտի մը մէջ, նկատի ունենալով որ, առ այդ, կացութիւնը երբեք լաւատեսութիւն չէր ներշնչեր, մանաւանդ՝ ի լուր այն խանգարիչ տարրերուն, որոնք իրենց ժխտական, կարծրամէտ եւ անկարգապահ արարքներով ծանօթ էին եւ անպատկառօրէն կը վերաբերէին իրենց հակառակորդներուն ու մրցակիցներուն հետ։
Չենք կրնար հաւատալ ու հաստատել, որ ամէն ինչ հեզասահ ընթացաւ, առանց թոհուբոհի կամ մաքուր եւ արդար կարգավիճակներու իրականացումով։
Սակայն, պրկուածութիւնն ու լարուածութիւնը, ջղաձգութիւնը ու դիւրագրգռութիւնը, գրեթէ բոլորին մօտ ակնյայտ էին, ի մասնաւորի ընդդիմադիրներու շարքին, որոնք, մէկ կողմէն՝ վրէժխնդրութեամբ ու ոխակալութեամբ լեցուած էին իշխանութեան դէմ, միւս կողմէն՝ դրդուած ու հրահրուած էին իրենց շարժումները կազմակերպողներու կողմէ։
Այդուհանդերձ, ո՞վ կը կասկածէր, որ յետ ընտրութիւնը, երբ արդիւնքները հետզհետէ յայտնի սկսէին դառնալ, «պոռթկում»ները լսելի պիտի չդառնային, յատկապէս՝ այն անկիւններէն, ուր պարտութիւնը զգալի էր կամ զգետնուողը յայտնի, հետեւաբար, յարձակողականութիւնը պատրաստ էր դիմացիններուն ճզմելու, խօսքով թէ այլապէս։
Իշխանութիւնը, իր զանազան թեւերով, կարելիութիւններով ու միջոցներով, հրապարակները, գիւղերն ու քաղաքները ողողած էր, իր քարոզչական մեքենաներով ու լծակներով, առանց վարանելու ու գոռալու, որ յաղթանակը իր «գրպան»ն է, շուտով զայն վայելելու եւ աւետիսը տալու ու բաշխելու համայն հայութեան եւ աշխարհին։
Ընդդիմութիւնը ե՛ւս, իր վարչամեքենաները լարած էր եւ ամբողջ իր համակարգով, երթերով ու խճանկարային մասնակցութիւններով, կ’ուզէր իր գոյութիւնը բացայայտել ու ցուցադրել, փորձելով ինքզինք համոզել, թէ ինքն է մրցանակակիրը եւ իշխանութեան փոփոխութեան մնացած են ժամեր, ներքնապէս, սակայն, ապրելով մտահոգութիւնը, կորսնցնելու ամէն ինչ որ իր երազն է ու հետապնդած ճակատագիրը։
Այնքանով որ կարելի եղաւ հետեւիլ ընտրապայքարին, ելոյթները, հարցազրոյցները, կոչերը, յայտարարութիւնները, ոչինչով բարենշային էի, քաղաքավարական ու ժողովրդավարական առումներով, քանի անոնց մեծ մասը կը փայլէր փոխադարձ վիրաւորանքներով, անուանումներով, կոպտութիւններով, իսկ պոռչտուքները, աղմկարարութիւնները, անպատշաճութիւններն եւ անզսպուածութիւնները հասցնելով իրենց անբաղձալիութեանց գագաթնակէտին, խոտոր համեմատուելով քաղաքակրթեալ, հաղորդական ու տպաւորիչ երեսներուն, ի դէմս, այլ պետութիւններու մէջ կատարուած «նախանձելի» երեւոյթներուն հետ։
Ի տարբերութիւն ժողովրդային այս վանողական տեսարաններուն ու բղաւոցներուն, լրագրողներուն զրոյցները անցորդներուն ու քաղաքացիներուն հետ, շատ աւելի լուրջ ու կիրթ էր, անկեղծ եւ ազնիւ, համոզիչ ու պերճախօս արտայայտելով իրենց թեր ու դէմ այն միտքերը, գաղափարները կամ տեսակէտները, որոնք հիմնուած են իրենց տրամաբանութեան ու դատողութեան վրայ։
Ցուցանշային էին այն կտրուկ ու դիպուկ արտայայտութիւնները, որոնց բնակիչներուն մեծամասնութիւնը կ’առաջադրէր Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութիւնը, ըստ իրենց, նկատի ունենալով անոր կառուցողական, խաղաղապաշտական ու բարեկարգչական ծրագիրներու իրականացումն ու դրսեւորումը։
Այս բոլոր ի՞նչ կը նշանակեն, կ’ակնարկեն կամ կը հետապնդեն, բացի այն իրողութենէն, որ հայաստանցիները կամ հայաստանաբնակները, հակառակ իրենց կրած ցաւերուն ու զրկանքներուն, վիշտերուն ու տառապանքներուն, կորուստներուն եւ անիրաւութիւններուն, իրենց դժգոհութիւններուն ու դժկամակութիւններուն, կը նախընտրեն մնալ դէպի ապագայն նայող առաջադրութիւններուն ու հայեցողութիւններուն վրայ, առանց մոռնալու իրենց հարազատներուն ու հոգեզաւակներուն նահատակութիւնը, ոչ ալ՝ զիջելու իրենց հողային ու տարածքային սեփականութիւններէն, բայց, միաժամանակ, գերադասելով եւ նախընտրելով իրենց հայրենիքին գերիշխանութեան եւ անկախութեան շինիչ տարբերակները։
Անկասկած, այս ընտրանքները իրենց համար, անփոխարինելի սրբութիւններ են անվիճելի կռուաններ, բայց, հայրենիքին գոյութիւնը, հզօրութիւնը, գերակայութիւնը եւ անժխտելիութիւնը, չեն կրնար վերածուիլ «աժան աճուրդիական» սակագիներու ու մուրհակներու, որոնց կենսունակութեան եւ յարատեւութեան համար, կարելի չէ ընկրկիլ կամ նահանջել, որեւէ արգելքի կամ պատնէշի դիմաց, ուրկէ ալ ան բուսնի կամ աճի, որովհետեւ ան է միակ ճամբան, որ կրնայ հայրենիքը պահել իր ամբողջականութեան, ճկունութեան եւ էութեան վէմին վրայ, աներեր եւ անցնցող խարիսխներով։
֍֍֍
Խորհրդարանական ընտրութիւններու 7 Յունիս 2026ի վերջնական (նոյնիսկ անմիջական) արդիւնքները տակաւին չամբողջացած, արդէն, ահաւոր ու խժալուր գոռոցները, իրենց զանազան ու բազմաբնոյթ արձագանգներով, ժխորային իրարանցում ստեղծած էին, յատկապէս՝ ընդդիմադիրներու կողմէ, որոնք իշխանութիւնը կ’ամբաստանէին ու կը դատապարտէին անարդարութիւններու ու կեղծապատիրութիւններու հազար ու մէկ «մեղք»երով, առանց որեւէ շօշափելի ու գործնական ապացոյցներու։
Մինչ այդ, իշխանութիւնը կ’ոգեկոչէր ու կ’ողջունէր իր ԼԻԻՐԱՒ յաղթանակը ցոյց տալով, իր առաջնահերթութեան վարկանիշներով եւ իր առաւելութեանց ցցուն տուեալներով։
Իրականութիւն մը, որ որեւէ ձեւով եւ եղյանակով, կարելի չէր շրջանցել կամ ուրանալ, այնքան ատեն, որ պատկերը յստակ է իր բովանդակ պարփակութեամբ եւ ամբողջական տնօրինութեամբ։
Այստեղէն եւ այս հանգրուանէն, արդէն «ծնունդ» կ’առնէր մեր մտավախութիւնը (որուն մասին լուսարձակած էի, մեր վերջին գրութիւններէն մէկուն մէջ), թէ՝ Հայաստանը ինքզինք պիտի գտնէ նոր ու վտանգաւոր մարտահրաւէր(ներ)ի մը առջեւ, երբ իշխանութիւնը, ԱՆԵՐԿԲԱՅ յաղթանակի յաջողութիւն կ’ոգեկոչեն, իսկ ընդդիմութիւնը՝ ԱՆՀԵՐՔԵԼԻ ձախողութիւն։
Պիտի չանդրադառնամ, ոչ ալ հետեւիմ կամ մեկնաբանեմ իշխանութեան տարած յառաջընթացին ու գրաւած դիրքաւորումին վրայ, բայց, չեմ կրնար անտարբերութեամբ անցնիլ կամ անտեսել այն վերիվայրումները, որոնց ենթարկուեցաւ եւ անոնց «բոց»երուն մէջ ինքզինք այրեց եւ այրեցուց «ընդդիմութիւն» կոչուած հոսանքը, իր աճպարարութեամբ, անճոռնիութեամբ ու խաղքութեամբ, իր համակիրները եւ հետեւորդները առաջնորդելով ու մղելով, դէպի քարքարոտ ճանապարհներ։
Ինչո՞ւ այս հրատապ ընդգծումը ու անխուսափելի հաստատումը, պարզապէս անոր համար, որ՝ դո՛ւք, ընդդիմութիւն, երբեք չկրցաք ԻՍԿԱԿԱՆ ընդդիմութեան տարազով եւ ոգիով հանդէս գալ, ոչ երէկ, ոչ ալ՝ այս ընտրութիւններուն, այլ՝ կառչեցաք, փտած ու նեխած, այլասերած եւ անհաշտ հարուածներուն հետ, որոնցմէ (առաջինը եւ ոչ վերջինը) կը կոչուէր Ռոպերթ Քոչարեան, (ան)մարդ մը, (չ)նախագահ մը, (չ)կերպար մը եւ (չ)արարած մը, որ՝ նախ իրաւունք չունէր, ո՛չ Արցախի (որուն՝ դաւաճանեց), ո՛չ ալ Հայաստանի նախագահ հռչակուելու (որուն դաւադրեց) եւ այսօր, առանց խպնելու, ինքզինք կը յաւակնի յայտարարելու Հայաստանի (չ)վարչապետական թեկնածու։
Կա՞յ աւելի ստորնացուցիչ, վարկաբեկիչ ու նուաստացուցիչ որակում, երբ «Ռոպ»ը, իր հագուստով ու մերկութեամբ կը ցցուի բոլորին առջեւ, իբրեւ ՄԱՐԴԱԿԵՐՊ մը, երբ մարդիկ, ՀԱՅԵ՛Ր, մաքրագործած է, իր (չ)նախագահական դիմագիծով, այլանդակային արտաքինով, տգիտային հայալեզուով, բարբարոսային վարուելակերպով, տակաւին յաւակնելով Հայաստանի եւ Արցախի (՞) պաշտպան կանգնիլ։
Այսպիսի ահաւոր հայասպան մը, ոճրագործ մը, հայադէմ մը, հայաբեկոր մը, ինչպէ՞ս կրնայ Հայաստանին (ալ ո՜ւր մնաց Արցախին), օգտակար դառնալ, երբ ժամանակները ցոյց տուին, ան, եւ իր նմանները, ինչպիսի՜ ապերախտներ, ճիւաղներ եւ անմարդկայիններ եղան։
֍֍֍
Յետ ընտրական շրջանը սկսած ըլլալով, թէկուզ քուէներու վերհաշուարկներով, հոն ուր պատճառներ կան եւ անհրաժեշտ է արդար զտումներ, առիթը օգտագործելով, ներելի՞ է երկիրը ապակայունացնել, յատկապէս Քոչարեանի նման արկածախնդիրով մը, որ կը սպառնայ իշխանութենէն վրէժ (՞) լուծել, իշխանափոխութիւն մուրալ, իր կաշառակերային միջոցներով, ինչպէս ընտրական ստուգատեսի պարագային, իր կառքին լծելով պատեհապաշտ հետեւորդներ, նոյն իր ապօրինազանցութիւնները շարունակենլու յամառութեամբ։
Մարդիկ, որքա՜ն հաւկոյր եւ անուղղայ պէտք է ըլլան, դիմելու նման աճպարարութիւններու, ամբոխավարութեան եւ ոտնձգութեան, երբ աշխարհի մեծամեծ պետութիւնները եւ ուրիշներ, միջազգային չափանիշներով ողջունած ու շնորհաւորած են իշխանութեան յաջողութիւնները։
Վերջին հաշուով, մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին թունաւորումները, ժահրոտութիւնները ժողովուրդին ու հայրենիքին նկատմամբ, արիւնոտ նկարագիրներու ձեռամբ, որոնց նկատմամբ այլեւս պէտք է կիրարկուի խստագոյն եւ արագ պատժամիջոցներ, առաջին հերթին անոր դէմ, որուն կեանքը պատուած է սեւագոյն էջերով։
Խորհրդարանը կամ Ազգային Ժողովը, միակ տեղն է, ուր խնդրոյ առարկայ հարցերը կը քննարկուին ու կը լուծուին (կամ ոչ), հեռու փողոցային խռպոտ եւ անհաճոյ վարժանքներէն, որոնք ցարդ ոչինչ բերին հայրենիքին, բացի խայտաբղէտ պատուհասներէն։
Իշխանութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, պէտք է այլեւս խուսափի կրքոտ ու ջղոտ յայտարարութիւններէ ու սպառնալիքներէ, այնքան ատեն որ՝ ատոնց ՓԱՓԿԱՆԿԱՏ տարբերակները աւելի հանրօգուտ ու պիտանի են,, քանի ոչ երկիրը, ոչ ալ ժողովուրդը կրնան այլեւս հանդուրժել որեւէ անիմաստ ու բուռն մագլցումներու կրկնութիւնները։
Ասոնք են հնարքներն ու մաղթանքները, որոնք կայունութիւն, բարեբերութիւն ու խաղաղամէտութիւն կրնան պարգեւել բոլորին, եթէ կողմերը, ուղղակի թէ անուղղակի մասնակիցները, լուրջ են, անկեղծ եւ իրապաշտ։
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
(Պէյրութ)