Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ օրերս ահաբեկչութիւններու շարք մը կանխուած է: «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման անդամները ահաբեկչութիւններու ծրագիր պատրաստած էին Մոսկուայի, Ասթրախանի եւ Քապարտա-Պալքարիայի մէջ, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուական գործակալութիւնը՝ յղում տալով Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան:
«Ռուսաստանի տարածքին մէջ կանխուած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման անդամներու կողմէ 2021 թուականի ամրան ծրագրուած ահաբեկչութիւններու շարք: Ձեռնարկուած միջոցառումներու շնորհիւ վնասազերծուած է 6 եւ ձերբակալուած 2 յանցագործ», -ըսուած է Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Մասնաւորապէս՝ Մոսկուայի մէջ խմբաւորման անդամը նախատեսած էր մարդաշատ վայրի մէջ պայթում իրականացնել ինքնաշէն ռումբով. ան անցած հինգշաբթի ձերբակալուած է ։