image

Պէյրութի մէջ փիլոնազուրկ հռչակուած է Մկրտիչ քահանայ Քէշիշեանը

Պէյրութի  մէջ  փիլոնազուրկ հռչակուած է   Մկրտիչ  քահանայ Քէշիշեանը
 Լիբանանի  թեմի  Ազգային  Առաջնորդարանէն   վերահասու  դարձանք, որ օրերս  փիլոնազուրկ   հռչակուած է  Տ. Մկրտիչ  քահանայ  Քէշիշեանը։
 Աղբիւրն  այս մասին  մասնաւորապէս   գրած է, թէ  Յունիս 16, 2021-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան Խառն Ժողովը, փիլոնազուրկ հռչակեց Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Մկրտիչ Ա. Քհն. Քէշիշեանը, որ կասկածելի պայմաններով սեփականացուցած է իր հոգեւոր խնամքին ենթակայ տարեց հայուհիի մը բնակարանը։
Լիբանանի ազգային առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, որ ան այլեւս մաս չի կազմեր Լիբանանի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ կը զրկուի իր ունեցած բոլոր պարտականութիւններէն ու իրաւունքներէն։

Առաջնորդարանը միաժամանակ կը յայտնէ որ հայ Եկեղեցւոյ բեմին վրայ կրնան մնալ այն հոգեւորականները, որոնք կը հետապնդեն ու կը պաշտպանեն մեր Եկեղեցւոյ շահը։