image

Տարկէտումը մերժող ուսանողները դարձեալ հացադուլի սկսան

Տարկէտումը մերժող  ուսանողները դարձեալ հացադուլի սկսան

«Յանուն գիտութեան զարգացման» նախաձեռնութիւնը աւարտած համարած է իշխանութիւններու հետ քննարկումները, եւ կրկին հացադուլ սկսած է: Այս մասին, tert.am-ի համաձայն, իր ֆէյսպուքեան էջին ուղիղ եթերի միջոցաւ յայտարարած է նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Պետրոսեանը, նշելով, որ քննարկումներու դադարեցման պատճառը պետական մարմիններու հետ քննարկումներուն որեւէ կառուցողական արդիւնքի չհասնիլն է:

«Մեր պայքարը դադարել է հացադուլի ժամանակ: Այժմ մենք նորից հացադուլ ենք սկսում եւ միայն մեր պահանջների բաւարարման դէպքում կը դադարեցնենք այն»,- նշած է ան:



Յիշեցնենք, որ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքին դէմ արտայայտուող ուսանողները դասադուլն ու հացադուլը դադարեցուցած էին 15 նոյեմբերին՝ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի ու փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովի հետ հանդիպումէն ետք։ Իսկ 22 նոյեմբերին նախաձեռնութեան անդամները կլոր սեղան-քննարկման մասնակցած էին իշխանութիւններուն հետ:

15 Նոյեմբերին ՀՀ Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունած է «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը: