image

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ՀԲԸՄի Պատուոյ Նախագահը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ՀԲԸՄի Պատուոյ Նախագահը

Շաբաթ, Յունիս 27ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքէն ներս, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատուոյ նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու Հայաստանի ներքին կացութեան, Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ներկայ հանգրուանին: