Ամերիկեան ճարտարագիտախորհրդատուական AECOM ընկերութիւնն ուսումնասիրած է «Թրամփի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղիի» (ԹՐԻՓՓ) տեղանքը։
Այդ մասին յուլիս 10-ին տեղեկացուցած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը։
«AECOM-ի խումբն ու ՀՀ կառավարութեան գործընկերներն ուսումնասիրեցին ԹՐԻՓՓ-ի տեղանքը՝ երկաթգիծի եւ այլ ենթակառուցուածքներու ձեւաւորման նպատակով, որ պիտի աջակցի տնտեսական աճին, փոխկապակցուածութեան եւ տարածաշրջանային համարկման»,- նշուած է դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ։
2025-ի օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը ստորագրած են համատեղ հռչակագիր։ Հռչակագիրով հաստատուած է «Թրամփի ուղի» կամ TRIPP նախագիծը՝ որպէս տարածաշրջանային ենթակառուցուածքային ծրագիր։