Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեկնած է Թուրքիա՝ մասնակցելու ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին։ Մեկնելէ առաջ ան անգամ մը եւս շեշտած է, որ Անգարա կը մեկնի յանուն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի։ Այս մասին կը հաղորդէ Fox News-ը։
«Ես կ՚երթամ յանուն Էրտողանի»,– ըսած է Թրամփ՝ Թուրքիոյ նախագահը անուանելով «ընկեր» եւ «յարգուած ղեկավար»։
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշած է, որ երկու երկիրները կրնան աւելի խորացնել իրենց պաշտպանական համագործակցութիւնը։
ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովը Անգարայի մէջ կը կայանայ Յուլիս 7-8-ին։ Թրամփ հանդիպումներ պիտի ունենայ աշխարհի տարբեր ղեկավարներու հետ։ Վեհաժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերը պիտի ըլլան անվտանգութեան հարցերը եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւնները։