image

Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Պետրոս Արք. Միրիաթեան Այցելեց Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցի (Լուսանկարներ)

Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Պետրոս Արք. Միրիաթեան Այցելեց Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցի (Լուսանկարներ)

Քեսապը Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու պատմական յիշողութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկն է, ուր եկեղեցական այցելութիւնները միշտ ալ կը ստանան ուխտի, վերանորոգման եւ համայնքային կապերու ամրապնդման իմաստ։ Այս առումով, Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի այցը Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի դարձաւ հոգեւոր ջերմութեան եւ քեսապահայութեան հանդէպ հայրական զօրակցութեան առիթ մը։

«Արեւելք» այս մասին իմացաւ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝

Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ` Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանը այցելեց Քեսապը։

Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2026 թուականին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանը՝ Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը, Առաջնորդական Փոխանորդի` Գերապատիւ Հայր Յովսէփ Թ. Ծ. Վրդ. Պեզեզեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ զիրենք դիմաւորեցին Տիար Միշել Չաղլաս՝ Քեսապի քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ օժանդակ մարմինի անդամները, Տիկնանց Միութիւնը եւ Դպրաց Դասը։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ պատմական Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ սրբազան միջավայրին մէջ։

Բարի գալուստի եւ ջերմ բարեմաղթանքներ փոխանցեց Գերպ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը՝ մաղթելով Սրբազան Հօր երկարատեւ, առողջ եւ արդիւնաբեր տարիներ՝ ի սպաս մեր Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալ զաւակներուն, ինչպէս նաեւ՝ բարի կեցութիւն եւ հաճելի պահեր պատմական Կիլիկիոյ Քեսապ գիւղին մէջ։

Իր սրտաբուխ խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

«Ահա տասնվեց տարի ետք կը վերադառնամ Քեսապ՝ որպէս ուխտաւոր։ Մշտապէս հետեւած եմ Քեսապի ապրած բոլոր փորձութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, եւ անդադար աղօթած եմ, որ Աստուած պահէ ու պաշտպանէ Քեսապն ու Քեսապահայութիւնը»։

Ապա, «Հայր Մեր» աղօթքէն ետք, Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկաներուն։

Այնուհետեւ ներկաները բարձրացան "Աղաճանեան" սրահ՝ մասնակցելու կոկիկ եւ ջերմ հիւրասիրութեան։

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը նաեւ առանձնազրոյց ունեցաւ Քեսապի քաղաքապետին հետ՝ շնորհաւորելով զինք եւ մաղթելով ուժ, կորով, ինչպէս նաեւ նորանոր ձեռքբերումներ ու յաջողութիւններ՝ ի սպաս Քեսապահայութեան։

Նոյն առիթով Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Տիար Մահմուտ Ապտըլհայի՝ Քեսապ շրջանի նորանշանակ Տնօրէնի հետ, մաղթելով անոր յաջողութիւններ, բեղմնաւոր համագործակցութիւն, խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն համայն Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Քեսապի բարգաւաճում։

Հանդիպումները աւարտեցան յիշատակի խմբանկարով։

Քեսապ` 23 Յունիս 2026թ.

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան