Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս, հանդիպումներ պիտի ունենայ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհի հետ։ Այս մասին կը հաղորդեն ամերիկեան լրատուամիջոցները՝ վկայակոչելով Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը։
Պաշտօնեային համաձայն՝ Թրամփը երկու առաջնորդներուն հետ առանձին երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ, որուն պիտի յաջորդէ Ուաշինկթըն վերադառնալէ առաջ մամլոյ ասուլիսը։
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեան նշած է, որ Թրամփ-Զելենսքի հանդիպման գլխաւոր նպատակը «քննարկելն է, թէ ինչպէս կարելի է վերջ տալ պատերազմին»։
«Նախագահը (Թրամփը) կը զգայ այս պատերազմին վերջ դնելու անհրաժեշտութիւնը»,– ըսած է պաշտօնեան։
Ան նաեւ յայտնած է, որ Անգարայի մէջ Զելենսքիի հետ հանդիպումէն ետք Թրամփ պիտի շարունակէ բանակցութիւնները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
ԱՄՆ պաշտօնեաները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հրապարակած Թրամփի եւ Ահմետ Շարըհի հանդիպման նպատակին վերաբերեալ։
ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովը նախատեսուած է կայանալ Յուլիս 7-8-ին, Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։