Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լուրերը ներկայացնող «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք՝
8 Յուլիս 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութեան, գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի։
Խնամակալութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Բուժարանէն ներս կատարուող աշխատանքները՝ տնտեսական, յարաբերական, բժշկական եւ այլ մարզերու առնչուած։ Ան նաեւ զեկուցեց Բուժարանին առնչուած ծրագիրներու մասին։ Այս ծիրէն ներս կարեւոր անդրադարձ կատարուեցաւ յատուկ ծրագրի մը, որուն մասին մեր ժողովուրդին աւելի լայն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին։
Նորին Սրբութիւնը խոր գոհունակութեամբ ողջունեց Բուժարանէն ներս տարուող աշխատանքները, յատկապէս անոր ծառայութիւնը աւելի կազմակերպելու ու ծաւալելու յատուկ ծրագիրներու մշակումը։ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց խնամակալութեան կողմէ տարուող աշխատանքին, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք նիւթապէս եւ այլ միջոցներով օգտակար կը հանդիսանան Բուժարանին առաւել կազմակերպման ու զարգացման աշխատանքներուն