image

«Հեռացար որպէս թագուհի...» Ուսանողները կը սգան Նոնա Մանոյեանի մահը

«Հեռացար որպէս թագուհի...»  Ուսանողները կը սգան Նոնա Մանոյեանի մահը

Երեւանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է երաժշտական գործիչ, մանկավարժ եւ դասախօս Նոնա Մանոյեանը: Ան մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանանի օփերային արուեստի եւ դասական երաժշտութեան զարգացման գործին՝ դասաւանդելով Լիբանանի ազգային կոնսերվատորիայի եւ տարբեր կեդրոններու մէջ: Անոր հայ եւ օտարազգի ուսանողները, որոնք դասական արուեստով կը զբաղին, գրառումներ կատարած են դասախօսի, երգչուհիի մահուան առթիւ, նշելով, որ իրենց յաջողութիւններու համար պարտական են Նոնա Մանոյեանին, որ Երեւանէն Պէյրութ փոխադրուելով, իր փորձն ու նուիրումը ներդրած է Լիբանանի վոքալ արուեստի զարգացման գործին: 

Նոնա Մանոյեանի ուսանողներէն Շարպել Ղատին գրած է. «Մենք գիտէինք քեզի որպէս իշխանուհի, հեռացար որպէս թագուհի:  Շնորհակալութիւն բոլոր լաւ օրերուն համար եւ հանգչիր խաղաղութեամբ, տիվա՛»...:

Քարոլին Սոլաժ. «Մեր առաջին հանդիպումը, մօտ 21 տարի առաջ, դեռ փորագրուած է իմ սրտին մէջ: Ես սկիզբէն գիտէի, որ հանդիպեր եմ հիանալի կնոջ եւ հրաշալի ուսուցիչի: Իմ կեանքը կտրուկ փոխուեցաւ՝ քու առաջնորդութեան, քու անվերապահ սիրոյ, քու առատաձեռնութեան եւ երգելու այն մեծ դպրոցի շնորհիւ, որ դուն անմնացորդ փոխանցեցիր ինծի: Ես ընդմիշտ երախտապարտ եմ»։

Նոնա Մանոյեանի մահուան առթիւ ցաւակցութիւն յղած է Լիբանանի ազգային կոնսերվատորիան, նշելով որ ցաւալի է օփերային ամպիոնի նախկին դասախօսի կորուստը, որուն ձեռքի տակէն անցեր են լիբանանցի խումբ մը նշանաւոր օփերային երգիչներ։

Նոնա Մանոյեանը 64 տարեկան էր: Ան յայտնի քանդակագործ Մկրտիչ Մազմանեանի կինն էր: Անոնք Պէյրութէն արդէն տեղափոխուած էին Հայաստան:  Հոգեհանգիստը պիտի կայանայ  Յուլիսին, ժամը 18:00-ին, Երեւանի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ: