Պուքրէշ եղած էի 11 տարի առաջ եւ բաւական փոխուած տեսայ զայն։
Եւրոմիութեան անդամակցութեան կապեցի այդ մէկը։ Այո, ինքնին քաղաքներու յառաջդիմական ու պայծառ կերտուածքները համեմատութիւններով կը բանին եւ որքան քաղաք այցելես, այնքան կը մաղուի այսպէս ըսած՝ քաղաքատեսման, զնման, զուարճացման ու լուսաւորման մաղուածութիւնները, սակայն, հոս զգալի էր եւրոպականացումը: Երբ որեւէ քաղաք այցելեմ, միտքս կը սեւեռի այն կէտին վրայ, թէ Նիւ Եորքը չի կրնար բազմիլ քաղաքներու գահին, եթէ չըլլան այդքան իրեն նմանակող քաղաքներ, նոյնպէս Փարիզն ու Վենետիկը իրենց չափով: Երբ քաղաք մը կարճ այցելութեամբ կը գտնուիս, ինքնաբերաբար, աւելի խտագոյն ձեւով կը սկսիս ընկալել ամէն ինչը եւ ինքնին տուեալ քաղաքը կը վերածուի առաքելութեան ու ժամանակասահմանային իմաստագործման: Բնականաբար, ուզեցի երթալ Պուքրէշի կեդրոնը, միշտ մարդկային կեդրոնակերտման այն խթանումով, որ ներկայացուածութիւնը կեդրոնական է՝ ինչքան ալ ըլլայ տիեզերքը անսահմանօրէն ընդլայնող: Քաղաքագործումը կեդրոնականութեան բարձրագոյն ներկայացումներէն մին է, իսկ մարդկային ոգին իր ժամանակի շրջանցման յաւերժական փորձով կ՚ուզէ ըլլալ միատեղաբար սլացուած ու ներկայացուած ամէն մարդկութեամբ։ Այս կէտին է, որ քաղաքներու կեդրոնները կարծես մղուած են այդ մարդահրաւէրը իրականացնելու: Պուքրէշի կեդրոնական մասերն էի եւ կը քալէի քաղաքին հետ քաղաքակրթական հերթական մեծ հարցերը լուծելու։ Յաճախ սին թուացող, բայց, շէնշող ներշնչմամբ եւ անձի ու միասնութեան անվերջ կրկնուող առաքելութիւն գտնելու ու ապրելու կամակորութեամբ:
Խօսէ՛ հետս քաղաք. ըսէ՛, կամքդ ի՞նչ է, ո՞վ ես մարդոցմովդ եւ առանց անոնց եւ ակնթարթով կամ հիմնովին եղիր պատասխանը ամէն ինչին:
Այդպէս էին մտքերս ու Պուքրէշին (ինչպէս բոլոր քաղաքներուն) տենդագին ձեւով կ՚ուզէի հպիլ՝ վազվզելով թաղէ-թաղ, անկիւնէ-անկիւն, մարդիկը հաւաքագրկելու, հունաուղղելու․ ծանր-թեթեւ տարփանքով: Ռումանացիները ո՞վ էին, ի՞նչ էր այն օրուայ ամենաանտեսուած քաղաքացիին տեսիլքը… կարծես աչքերուս դիմացն էին, բայց, չէի կրնար կամ աւելի ճիշդը՝ չէի ուզեր վերծանել զանոնք: Չաուշեսքոյին պատը միտքիս ծայրն էր ու մի քանի հոգիի հարցուցի անոր հասցէն, սակայն, կարծես կ՚ուզէին միայն խորհրդարանը ցոյց տալ, տեսակ մը վանելով վայրագութան մը յիշատակը: Գտայ խորհրդարանը եւ նկարուեցայ անոր դիմաց, իսկ շփումներուն քաղցրութիւնը կը յամենար սահմանափակուած ըլլալու, թէեւ երկար զրոյց մը ունեցայ՝ երկու երիտասարդուհիի եւ մէկ երիտասարդի հետ որոնք բարեհամբոյր ձեւով նկարեցին զիս, միեւնոյն ժամանակ խօսեցանք՝ հայ-ռումանական ու Հայաստան-Ռումանիա յարաբերութիւններուն եւ ընդհանուր մշակոյթի կապակցութեամբ: Պատահմամբ մտայ ցուցահանդէս-ներկայացումի մըն ալ վաւերագրական ֆիլմի տարազով, որ Պերլինի պատին մասին էր։ Հոն զգալի էր տակաւին արեւելք-արեւմուտք ջրբաժանի թօթափման հետքերը՝ մանաւանդ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի համայնապատկերին վրայ այդ մէկը կը ծփար կարծես, իսկ իմ հետս էին տակաւին ուքրանացի բժշկուհիին հայեացքն ու տուայտանքը․․․
Պուքրէշի տարածուածութիւնն ու շերտաւորումը, ինչպէս ամէն մէկ քաղաքի, տարբեր էին, իսկ անոնցմով յայտնաբերել ժողովրդային վարքեր ու բարքեր, իմ այդ երեք ժամուան ընթացքին գիտէի, որ անշնորհակալ գործ մըն էր, սակայն, դարձեալ ինկայ այդ վիճակին մէջ։ Մարդիկն են քաղաքները եւ քաղաքներն են մարդիկը. չկայ կարծես տարաբաժանում ու մենք ինչքան ալ այցելուներ ենք, տեղ մըն ալ պարզապէս ապրող ենք ու ամենավառ եւ փրկիչ առօրեայ կերտող: Արդէն թօթափած էի բոլոր անտրամադրութիւնները եւ քաղաքին հետ անհատական ու առանձին զրոյցը կը բաւականացնէր զիս՝ լաւ գիտնալով, որ քաշողականութիւններն ու վանողականութիւնները մի քանի ժամուայ են, ուստի, հաճելի ու ասուպային շաղում մը կը յառաջանար քաղաքին հետ, տեսակ մը յայտնաբերուող անյայտնաբերուածութեամբ կամ ալ հակառակը: Չաուշեսքոն, Քարոլ Բ. թագաւորը եւ ամէն անցորդ վերաքաղելու կանխակալ խոստմնադրժութեամբ կը քալէի, յաճախ թեթեւ ձեւով վազելով ալ: Առտուայ քաղաք, գիշերուայ քաղաք ընտրութիւնը կար եւ ես կ՚ուզէի տեսնել ինչ որ հնարաւոր էր, ես զիս համոզելու համար, որ առտուայ կանչը ուրիշ է ու շինութիւնները աւելի արդար:
Մի քանի խանութ մտնելով եւ պտուղ առնելով գոհացայ, քանի ունէի ուշանալու մտահոգութիւնը, նոյնիսկ տեսայ շատ գեղեցիկ սրճարան մը՝ «Քաֆէ Պուխարեսթ» անունով եւ մտայ նստելու փափաքով։ Նկատեցի, որ հերթ կայ, սակայն, բախտս փորձել ուզեցի, քանի որեւէ պարզ ու ճոխ, մեծ ու փոքր սրճարան քաղաքի մը մէջ պիտի տայ պահ մը եւս՝ քաղաքը ներծծելու կամ անով լողալու, իսկ այդ մէկը գերհաճելի ու զով քամիի պէս բան մըն է հոգիին համար: Քիչ մը սպասեցի, բայց դիմաւորող աղջիկը, որ բաւական հմայիչ էր, ըսաւ, թէ տեղ չկայ, բայց եթէ կ՚ուզես սպասել հարց չէ, ըսի. «ցաւօք չեմ կրնար»։ Այդ միջոցին զգացի, որ սրճարանը հարուստներու պատկանող տեղ մըն էր ու մարդիկ աւելի տարուած էին տեսքով: Բաճկոնիս ու ձգուածութեանս աւելի ազդեցութիւն մը տալու վարմունքով դուրս ելայ եւ ինքնաներշնչանքով քալեցի վերադառնալու համար օդակայան: Երբ տեղ մը ձուլուիս հանրութեան մէջ, շատ տեղեր եսդ իր անձնասիրութեան դրդումներով կա՛մ քեզ վեր կը քաշէ ինքնակերտման, կամ ալ երբեմն քեզ վայրագ կը դարձնէ՝ փորձելով փաստելու բան մը, որ գոյութենական կ՚ուզէ կոչուիլ, սակայն, ակամայ հանրութեան ու բոլորին հակադրուող է:
Այո՛, մշակութային ու ազգային գործօնները կը մտնեն հոն շատ ատեններ, բայց, ճամբորդութիւններու եսն ու անոր բաւիղները տարբեր կ՚ըլլան: Ճամբայ ելայ դէպի օդակայան։
Տիգրան Գաբոյեան
«Ժամանակ»/Պոլիս
•շարունակելի…