Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը հպարտութեամբ շնորհաւորած է Համայնքի դուստր՝ տքթ. Լարա Քատիտ, Սուրիոյ Ազգային Ժողովի անդամ ընտրուելուն առիթով («Մաճլըս Շաապ»)։ Իբրեւ խորհրդարանին մէջ միակ հայուհին՝ տքթ. Քատիտ իր գիտական, կրթական եւ հանրային վաստակով կը ներկայանայ որպէս պատուաբեր օրինակ՝ հայ կնոջ կարողութեան, նուիրումին եւ ազգային պատասխանատուութեան։
Ստորեւ այդ մասին Թեմին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնն ամբողջութեամբ՝
Հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը իր սրտագին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները կը յայտնէ մեր Եկեղեցւոյ դստեր՝ տքթ. Լարա Քատիտին, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ ընտրուելուն առիթով։
Այս նշանակումը կը նկատենք կարեւոր հանգրուան մը անոր ազգային ծառայութեան ճանապարհին՝ մաղթելով, որ նոր պատասխանատուութիւնը դառնայ օրհնեալ առիթ մը՝ շարունակելու անոր արդիւնաշատ, նուիրեալ եւ արժանավայել ծառայութիւնը հայրենիքին ու ժողովուրդին։
Տքթ. Լարա Քատիտ ճանչցուած է իր գիտական կարողութեամբ, ակադեմական պատուաբեր ընթացքով եւ մասնագիտական բարձր պատրաստուածութեամբ։ Ան Հալէպի համալսարանէն ստացած է համակարգչային ճարտարագիտութեան տոքթորայի աստիճան՝ գերազանց գնահատականով, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական ճարտարագիտութեան մագիստրոսական աստիճան՝ դարձեալ գերազանց արդիւնքով, եւ նոյն բնագաւառին մէջ ճարտարագէտի վկայական՝ շատ լաւ գնահատականով։
Ան կը վարէ գիտական եւ ազգային կարեւոր պաշտօններ։ 2021 թուականէն ի վեր տքթ. Քատիտ կը նախագահէ Քորտոպա մասնաւոր համալսարանը, անդամ է Սուրիոյ Տեղեկատուական Գիտական Միութեան վարչութեան, կը ղեկավարէ Քորտոպա համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժանմունքի արհեստագիտական հովանաւորական կեդրոնը, անդամ է «Հալէպ՝ Սիթ էլ Քուլ» նախաձեռնութեան հոգաբարձուներու խորհուրդին, ինչպէս նաեւ ունի նշանակալի ներդրում գիտական հետազօտութիւններու, ակադեմական հրատարակութիւններու եւ գիտական աշխատանքներու գնահատման ու վերանայման ասպարէզներուն մէջ։
Մենք, իբրեւ Եկեղեցւոյ ընտանիք, կը հպարտանանք դուստրով մը, որ հաւատարմօրէն կրեց գիտութեան եւ ճանաչումի առաքելութիւնը, եւ իր մէջ միացուց հաւատքը, ջանասիրութիւնը, հայրենիքի ծառայութիւնը եւ մարդասիրական նուիրումը։ Ան կը հանդիսանայ օրինակելի կերպար մը՝ պատասխանատուութեան, տքնաջան աշխատանքի եւ նուիրումի մէջ, ինչպէս նաեւ պատուաբեր օրինակ՝ սուրիացի կնոջ, որ իր գիտութեամբ եւ կարողութեամբ կը նպաստէ հասարակութեան եւ հայրենիքին զարգացման։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք տքթ. Լարա Քատիտը ՝ մեր անկեղծ սիրով, աղօթքներով եւ բարեմաղթանքներով։ Թող Տէրը Իր շնորհքով առաջնորդէ եւ պահպանէ զինք՝ իր բոլոր ծառայութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն մէջ։