Փարիզի հայկական համայնքի աշխոյժ ներկայացուցիչներէն՝ Հնչակեան գործիչ Սարօ Մարտիրեանի անունին ծանօթ են շատերը։ Համայնքային կեանքին մէջ իր հետեւողական ներկայութեամբ եւ ազգային գործին հանդէպ ունեցած նուիրումով ան երկար տարիներէ ի վեր իր մասնակցութիւնը բերած է տարբեր նախաձեռնութիւններու։
Սակայն հանրային գործունէութեան կողքին կայ նաեւ մարդուն ամենէն անձնական ու ջերմ աշխարհը՝ ընտանիքը։ Այդ աշխարհին մէջ հօր մը բերկրանքը երբեմն կը դառնայ ամենէն պարզ, բայց նաեւ ամենէն խորունկ զգացումը։ Որդիի մը յաջողութիւնը, նոր հանգրուանի մը հասնիլը եւ ուսումնական կեանքին մէջ էջ մը փակելն ու նոր էջ մը բանալը առիթ են ոչ միայն ուրախութեան, այլեւ՝ հպարտութեան եւ յուզումի։
Այս զգացումներով ալ Սարօ Մարտիրեան անդրադարձած է իր որդիին՝ Տիգրանի նախակրթարանի աւարտին եւ կիսած հօրենական իր ուրախութիւնը։
Ստորեւ՝ Սարօ Մարտիրեանի գրառումը.
🎓✨ Հօր մը հպարտութիւնը ✨🎓
Շատ ուրախ եւ անչափ հպարտ եմ, որ որդիիս՝ Տիգրանին, յանձնեցի նախակրթարանի աւարտական վկայականը։ ❤️
Կեանքի գեղեցիկ էջ մը կը փակուի, եւ նոր հանգրուան մը կը բացուի Տիգրանին եւ CM2-ի բոլոր աշակերտներուն առջեւ... 🎒 Դէպի միջնակարգ։ 🚀
Բայց նախքան նոր ուսումնական տարուան մասին մտածելը՝ ժամանակն է հանգիստի։ Բարի եւ արժանի արձակուրդ բոլորին։