image

Բագրատ սրբազանը դատ բացած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ

Բագրատ սրբազանը դատ բացած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ

«Սրբազան պայքար» շարժման առաջնորդ, արքեպիսկոպոս Վազգէն Գալստանեանը (Բագրատ սրբազան) դատական հայց ներկայացուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ՝ պահանջելով հրապարակայնօրէն հերքել իր մասին հնչեցուցած յայտարարութիւնները։

Յուլիս 6-ին ստացուած հայցադիմումի համաձայն՝ հերքման մէջ պէտք է նշուի, որ վարչապետի կողմէ 2026-ի յունիս 11-ին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին հնչեցուած հետեւեալ պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ զրպարտութիւն են. «ՔՊ-ն ստացել է 100 տոկոսով օրգանիկ քուէ, էն միւս ուժերը ստացել են 100 տոկոսով ընտրակաշառքով քուէ... Առանց փողի, նրանց օգտին ոչ մէկը չի քուէարկել, բացարձակապէս ոչ մէկը»։

Բագրատ սրբազանը պնդած է, որ այդ յայտարարութիւնները կ՚արատաւորեն իր պատիւը, արժանապատւութիւնն ու բարի համբաւը՝ որպէս այլ քաղաքական ուժի օգտին քուէարկած ՀՀ քաղաքացի։

Բացի հրապարակային հերքումէն, հայցով կը պահանջուի Նիկոլ Փաշինեանէն յօգուտ Վազգէն Գալստանեանի բռնագանձել 49,7 դրամ՝ որպէս ոչ նիւթական վնասի հատուցում, ինչպէս նաեւ փոխհատուցել նախապէս վճարուած պետական տուրքի գումարը։