image

«Մի՛ սեւցնէք Հայաստանը». Երեւանի հանրակառքին մէջ հնչած սփիւռքահայ գործարարի պարզ, բայց խորունկ վկայութիւնը

«Մի՛ սեւցնէք Հայաստանը». Երեւանի հանրակառքին մէջ հնչած սփիւռքահայ գործարարի պարզ, բայց խորունկ վկայութիւնը

Երբեմն մեր  հայրենիքի  մասին դիտարկումները  ամենալաւ կերպով  կը հասկցուին  ոչ թէ երկար վերլուծութիւններով, այլ պատահական հանդիպումի մը ընթացքին հնչած պարզ խօսքով։ Երեւանի հանրակառքին մէջ տեղի  ունեցած կարճ զրոյց մը անգամ կրնայ բացայայտել, թէ  յաճախ ինչպէս Սփիւռքի մէջ երբեմն չափազանց մութ գոյներով կը ներկայացուի Հայաստանը, մինչդեռ իրականութեան մէջ ան կրնայ ըլլալ աշխատանքի, ստեղծագործութեան եւ նոր սկիզբի երկիր։

Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Կարծեցի «Սեւ երկիր» մը կուգամկոր ... 

Պատահական հանդիպում էր իմ նախասիրած թիւ  74 հանրակառքին մէջ։ 

 Սուրիոյ պատերազմի թախիծէն Երեւան ժամանած մեր հայրեակից Խ. Ո.եանը  շատ արագ անկեղծացաւ ու պատմեց իր ընելիքներուն, մօտաւոր ու հեռակայ ծրագիրներուն մասին։ 

 Ճարտագիտութեան ամենատարբեր գիծերը, արդիական լուծումներ եւ ձեւաչափեր, մեծ գործարարներու եւ հաստատութիւններու համար օդափոխութեան մեծ համակարգեր եւ «տաք ու պաղ» պայմաններու համար ստեղծուած լուծում առաջարկներ։

 Յետոյ անցանք վիրաւոր Հալէպին, այսօրուայ վիճակն ու դժուարութիւնները, իշխանափոխութիւնէն ետք ստեղծուած պատկերը եւ հայկական համայնքի վախերը։

 Ինչպիսի ապագայ մը կը սպասէ սուրիահայութեան ու մանաւանդ հալէպահայութեան։

 Այս բոլորին մասին լաւ խօսեցանք, խօսեցանք օգտուելով «Բրոբկա»ի տուած հնարաւորութիւնէն։

 Ամենածանրը եւ ամենատխուրը մեր խօսակցութեան մէջ իմ հայրենակիցին դիտարկումն էր այն մասին, որ ինչ երանգներով կը ներկայացուի Հայաստանն ու Երեւանը այս օրերուն սփիւռքի տարբեր օճախներու մէջ։

 «Կը կարծէի, որ «սեւ երկիր» մը կուգամ, ու ճիշդը եթէ կուզես, քիչ մը վախնալով եկայ։ Ամէն վատ բան կը լսէինք...։ Եւ հիմա երբ Երեւան հասած եմ, իրապէս զարմանալի է։ Հայաստանն այսօր ամէն դիւրութիւն կու տայ մեր նման գործարարներու. Ու մեզի համար հիմնականը ատ է։ Մենք քաղաքականութեան հետ գործ մը չունինք, եկած ենք  աշխատանքի տեղեր ստեղծելու, եկած են անգործ մնացած մեր հալէպցի արհեստաւոր եղբայրներու աշխատանքի հնարաւորութիւն տալու, եւ ի վերջոյ եկած ենք հոս ապրելու...։ Մի մոռնաք, որ մանաւանդ իմ նման ընտանիքի տէր մարդիկ լուրջ վախեր եւ մտավախութիւններ ունինք Սուրիոյ ապագային կապուած։ Սուրիան մեզի տուած է լաւ առիթներ, բայց այս պատերազմը շատ վատ եղաւ մեզի համար... ու տակաւին յստակ չէ ընդհանուր պատկերը...»։ 

 Այսքանը հասցուցինք խօսիլ ու մեր երթը հասաւ իր աւարտին։

 Ինք գնաց «Նարկիլէ» մը վառելու, ես ալ եկայ սուրճս վայելելու...։

 Ըսելիքս մէկ է, մի սեւցնէք Հայաստանը, մի սեւցնէք մեր երկիրը, մի չարանաք...

 Եթէ ընելիք մը, տալիք մը, ստեղծելիք մը, ու հետեւաբար շահելիք մը ունիք, եկէք, եկէք բոլորս Ձեզի համար ենք։

 Կապ չունի ո՞վ է երկրի նախագահը, վարչապետը, մարզպետը կամ պատգամաւորը...

 Ոչ աւելի, ոչ պակաս, միայն եկէք, մենք Ձեզի կը սպասենք սփիւռքահայ իմ եղբայրներ։