Հալէպահայ պատանին զոհուած է սխալ կրակոցի արդիւնքով։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաւաստեց, որ անցեալ կիրակի օր Շանթ Քէօշկէրեանը, իր երկու ընկերներուն հետ ժամանցի նպատակով մեկնած է լողաւազան։ Օրուայ աւարտին, անոր ընկերներէն մին, որ կ՚ապրի Հալէպի Մարթինի փողոցին վրայ, Շանթին առաջարկած է մտնել իրենց տուն, որպէսզի վերջինիս ցոյց տայ իր հօր ունեցած գնդացիրը։
Երկու պատանիները մեծ հետաքրքրութեամբ մուտք գործած են տուն, եւ երբ Շանթին ընկերը փորձած է իր հօր գնդացիրը ցոյց տալ Շանթին փամփուշտ մը դուրս գալով պատճառ եղած է Շանթի մահուան։
Կան տեղեկութիւններ, որ դէպքին վայրը եղած է տղոց երրորդ ընկերը։
Կը նշուի նաեւ, որ զէնքը եղած է որսորդական Pomp action տիպի գնդացիր մը եւ այդ պահուն տան մէջ մարդ չէ գտնուած։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ «Արեւելք» Շանթի սպանութեան մասին լուր տալով նշած էր նաեւ, որ անոր մահուան պատճառները տակաւին չեն ճշդուած։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Շանթի սպանութենէն ժամ մը ետք ապահովական մարմիններ ձերբակալած ու բերման ենթարկած են անոր մահուան պատճառ դարձած անոր տեղացի ընկերը։
լուսանկարին մէջ հանգուցեալ Շանթի պատկերին կից, կ՚երեւի անոր մահուան պատճառ դարձած պատանիին պատկերը։