Արտակարգ դէպք մը գրանցուած է Սոչի քաղաքին մէջ։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ հայրենի news.am կայքը։
Աղբիւրը, որ յղում տուած է ռուսաստանեան բաց աղբիւրներու կը նշէ, որ Սոչիաբնակ Վարդան Քոչեան կրակ բացած է երկու դատական քննիչներու վրայ, որոնք իր տարածք եկած էին, որպէս կարգադրիչներ կատարելու համար դատարանին կողմէ արձակուած որոշումը եւ քանդելու Քոչեանի խանութը։
Աւելի ուշ պարզուած է, որ իրաւական հիմք ունեցող որոշումը կատարելու համար այդ տարածք հասած կարգադրիչները հայեր են եւ անոնք կը կոչուին՝ Վարդան Միխայիլովիչ եւ Միխայիլ Վարդանովիչ Քոչեան։ Իր կարգին ռուսաստանեան «Պազա» թելկրամեան ալիքը յայտնած է, որ դէպքէն ետք Քոչեան ինքզինք յանձնած է ոստիկանութեան։