image

Լիբանանի մէջ. Պէնզինի հերթը պատճառ մեծ ողբերգութեան. Զոհուած են մայրն ու անոր 4 երեխաները

Լիբանանի մէջ. Պէնզինի հերթը պատճառ մեծ ողբերգութեան. Զոհուած են մայրն ու անոր 4 երեխաները

Կարծէք չէին բաւեր լիբանանցիներուն ապրած դժուարին վիճակները, նոր բարդ դրութիւն մը աւելցած է երկրի ընկերային-տնտեսական վիճակը դարձնելով աւելի ցաւոտ։

Խօսքը մասնաւորապէս երկրին մէջ վառելանիւթի (մասնաւորապէս Պէնզինի եւ մազութի) պակասին հետեւանքով ստեղծուած վիճակին մասին է, որուն հետեւանքով ալ օրերս կին մը ու անոր չորս 4 զաւակները զոհուած են։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Lebanon Debate կայքէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ, թէ Ֆաթմէ Ատէլ Քոպայսին եւ անոր չորս դուստրերը՝ Զահրա, Այա, Թիա եւ Լիա, երբ հերթի կանգնած էին Ժիյէ շրջանի Սահտիյաթ մայրուղիի վառելանիւթի կայաններէն մէկուն առջեւ, արագ հասնող ինքնաշարժ մը զառնուած է անոնց ինքնաշարժին, որուն հետեւանքով մայրն ու չորս զաւակները տեղւոյն վրայ մահացած են։

Կը նշուի նաեւ, որ երիտասարդ ընտանիքի անդամները կ՚ուղղուէին օդակայան, դիմաւորելու համար ապրուստի պայմաններու բարելաւման համար արտասահման ապրող ընտանիքի հայրը։

Կը նշուի նաեւ, որ արկածին պատճառ դարձած երիտասարդի վիճակը նոյնպէս ծանր է եւ ան կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ։

Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ եղած արկածն ու անոր հետեւանքով ծանր կորուստը տխրութեան ալիք մը տարածած է ամբողջ Լիբանանի մէջ։