image

In Memoriam. Յիշատակած են Պէյրութի պայթումին զոհուած՝ Կայա Ֆուտուլեանը (Լուսանկարներ)

In Memoriam. Յիշատակած են Պէյրութի պայթումին զոհուած՝ Կայա Ֆուտուլեանը (Լուսանկարներ)

Օրերս յիշատակած են տասը ամիսներ առաջ Պէյրութը ցնցած մեծ պայթումին հետեւանքով զոհուած երիտասարդ հայուհի ՝ Կայա Ֆուտուլեանը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։

Կը նշուի նաեւ, որ Կայայի մտերիմներն ու ընկերները իր յիշատակը ուզած են յարգել իւրայատուկ ձեւով եւ անոր նուիրած են «Կրաֆիթի»  մը, որ   գծուած է  դէպքի վայրին՝  Պէյրութի  նաւահանգիստին    կից։

 

 

 

Արուեստի աշխարհին  հանդէպ  մեծ  սէր ունեցող   Կայան դուստրն է Անի Վարդիվառեանին, որ սեփականատէրն է արուեստի ցուցասրահի մը եւ իր դուստրի մահէն ետք ալ իր ցուցասրահին մէջ բաժին մը տրամադրած է Պէյրութի պայթումը ոգեկոչող պաստառներու եւ արուեստի գործերու։


 Հանգուցեալ Կայան մօր՝ Անի  Վարդիվառեանին  հետ


Փաստն այն է, որ Պէյրութը ցնցած աղէտալի պայթումէն գրեթէ տարի մը անց, ոչ մէկ կերպ կարելի եղած է բացայայտել պայթումին իրական պատճառները։