ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ներկայ գտնուած է Երեւանի աւագանիի յատուկ նիստին՝ Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի պաշտօնը ստանձնելու երդման հանդիսաւոր արարողութեան: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:
Նախագահը շնորհաւորած է Տարօն Մարգարեանը, Երեւանի նորընտիր աւագանիի բոլոր անդամները` Հայաստանի մայրաքաղաքի կառավարման պատասխանատւութիւնը ստանձնելուն առիթով:
Հանրապետութեան Նախագահը արարողութեան ժամանակ շնորհաւորական խօսք յղած է մասնակիցներուն:
