image

ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղարը պատրաստ է օգնել հեռացնելու Հայ եկեղեցւոյ կաթողիկոսը. ռուսական Առաջին ալիք

ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղարը պատրաստ է օգնել հեռացնելու Հայ եկեղեցւոյ կաթողիկոսը. ռուսական Առաջին ալիք

ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը պատրաստ է օգնել Հայ Եկեղեցւոյ կաթողիկոսը հեռացնելուն։ Այս մասին հաղորդած է ռուսական «Առաջին ալիք»-ը՝ հրապարակելով տեսանիւթ մը։

«Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն անկեղծ խոստովանութիւն ըրած է՝ կարծելով, որ կը խօսի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, մինչդեռ իրականութեան մէջ կապի մէջ էր «փրանքըր»ներ Վովանի եւ Լեքսուսի հետ։ Իշխանութիւնները իսկական հալածանք սկսած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ։ Հոգեւորականներու ձերբակալութիւններ, անցանկալիներու հալածանքներ։ Ամէն ինչ՝ Արեւմուտքի հրահանգով»,– յայտնած է լրատուական ալիքը։

 

Ինչպէս աւելի վաղ յայտարարած էր «Առաջին ալիք»-ը՝ վկայակոչելով Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը, Պրիւքսէլի վերջնական նպատակը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բազմադարեայ հոգեւոր կապերու ամբողջական խզումն է։ Եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը պատրաստ է օգնել կաթողիկոսի փոխարինման։

«– Ես նաեւ յոյս ունիմ ԵԱՀԿ-ի դիրքորոշման վրայ, որ դուք նոյնպէս կրնաք ինծի աջակցիլ այս հարցով։

– Ես ալ պիտի զբաղիմ այդ հարցով։ Ի դէպ, դո՞ւք կրնաք այդ ընել։ Կրնա՞ք փոխարինել կաթողիկոսը։

– Ես կը կարծեմ, որ հիմա ձեռքս յաղթաթուղթեր ունիմ, եւ մենք կրնանք փոխել կրօնը։ Եւ այն ամէնը, որ կրնամ ձեզմէ խնդրել, ձեր աջակցութիւնն է այն պարագաներուն, երբ մենք կը բախինք Կարապետեանի դաշնակիցներու կողմէ հնչող մեծ քննադատութեան։

– Լաւ, ես պիտի ընեմ կարելի ամէն ինչ»,– մէջբերած է լրատուական ալիքը հեռաձայնային զրոյցէն հատուած մը։