image

Բարերար Լեւոն Աֆէյեան՝ «Հայ-Էմ»ի 25-ամեակի եւ հայ դիւցազուններու նոր նուաճումներու կողքին

Բարերար Լեւոն Աֆէյեան՝ «Հայ-Էմ»ի 25-ամեակի եւ հայ դիւցազուններու նոր նուաճումներու կողքին

Օրերս Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Թալին համայնքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ-Էմ» բարեգործական միութեան հիմնադրութեան 25-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկը, որուն ներկայ էր նաեւ գանատահայ բարերար, Քեպէքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէյեան։

Տարիներ շարունակ հայկական կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ իր աջակցութեամբ եւ նուիրումով ճանչցուած Լեւոն Աֆէյեան այս անգամ եւս իր ներկայութեամբ քաջալերեց հայրենական նախաձեռնութիւն մը, որ կը միտի երիտասարդ սերունդին մէջ զարգացնել կամք, տոկունութիւն, ֆիզիքական պատրաստուածութիւն եւ ազգային հպարտութիւն։

Ձեռնարկին ընթացքին «Հայ-Էմ» Դիւցազնատան 14 սաներ սահմանեցին  «Կինէս» ի համաշխարհային  6 եւ հայկական Դիւցազնագիրքի  11  մրցանիշներ՝ անգամ մը եւս ապացուցելով իրենց բացառիկ պատրաստուածութիւնը, կամքը եւ յաղթելու ոգին։ Այս յաջողութիւնը ոչ միայն մարզական կամ ֆիզիքական նուաճում էր, այլ նաեւ Հայաստանի անունը միջազգային հարթակներու վրայ արժանապատուօրէն ներկայացնելու կարեւոր առիթ։

Միջոցառման ներկայ էին Թալին համայնքի ղեկավարի օգնական Տիար  Արթուր Յարութիւնեան, Կրթութեան, մշակոյթի, սպորտի եւ երիտասարդութեան բաժնի պետ Լուսինէ Աւագեան, «Հայ-Էմ» բարեգործական հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ Նշան Աճէմեան, ինչպէս նաեւ ազգային-հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։

Լեւոն Աֆէյեան, որ տարիներէ ի վեր գործուն մասնակցութիւն ունեցած է գանատահայ համայնքային կեանքին մէջ, յատկապէս կը կարեւորուի իբրեւ բարերար եւ հայրենասէր գործիչ։ Անոր անունը կապուած է ոչ միայն համայնքային աշխատանքներու, այլ նաեւ Հայաստան–Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղուած նախաձեռնութիւններու հետ։

Յիշեցնենք, որ Լեւոն Աֆէյեան կը վարէ Քեպէքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսի պաշտօնը։ Իր նշանակման առիթով Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին ան ընդգծած էր, որ իր առաջնահերթ նպատակներէն է Քեպէքի նահանգային կառավարութեան եւ քաղաքապետական կառոյցներուն հետ ուղիղ կապեր հաստատել, ինչպէս նաեւ սերտ յարաբերութիւններ զարգացնել տարբեր երկիրներու հիւպատոսներու հետ՝ ի նպաստ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ հայ համայնքի շահերուն։

Թալինի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ Լեւոն Աֆէյեանի նման բարերարներու ներկայութիւնն ու աջակցութիւնը կարեւոր ուժ են հայրենիքի մէջ իրականացուող ազգային, կրթական, մարզական եւ երիտասարդական ծրագիրներու համար։

Միջոցառման աւարտին Դիւցազնատան սաները, իրենց նշանակալի նուաճումներուն եւ Հայաստանի անունը միջազգային մակարդակի վրայ բարձր պահելուն համար, Թալին համայնքի ղեկավարին կողմէ արժանացան պատուոգիրերու։

«Հայ-Էմ» բարեգործական միութեան 25-ամեակը այսպիսով նշանաւորուեցաւ ոչ միայն յոբելենական հանդիսութեամբ, այլ նաեւ նոր ռեկորտներով, երիտասարդական ոգիով եւ բարերարներու քաջալերող ներկայութեամբ։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը