Հաւատքով եւ օրհնութեամբ լեցուն այս հոգեւոր նախաձեռնութիւնը նոր յոյսի առիթ մը կը բանայ Սուրիոյ հաւատացեալներուն դիմաց։ Սրբուհի Ռիթայի՝ դժուարին եւ անլուծելի հարցերու բարեխօս սուրբին սրբազան նշխարին Սուրիա փոխադրութիւնը կը խոստանայ դառնալ շնորհքի, մխիթարութեան եւ աղօթքի նշանակալից պահ մը։
Այս մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Հայ Կաթողիկէ համայնքի Դամասկոսի Թեմը, որուն նուիրեալ Առաջնորդը Արհի. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան օրերս այցելած է մեծ սրբուհիին ուխտավայր- շիրիմը։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը այդ մասին։
Ուրախ ենք յայտնելու, որ Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան այցելեց Սրբուհի Ռիթայի վանք՝ անլուծելի եւ դժուարին հարցերու բարեխօս սուրբին, հաւատքով եւ օրհնութեամբ լեցուն մթնոլորտի մը մէջ։
Այս օրհնաբեր այցելութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը կապ հաստատեց վանքի պատասխանատուներուն հետ՝ Սրբուհի Ռիթայի մասունքէն սրբազան նշխար մը Սուրիա բերելու նպատակով։ Խօսքը կը վերաբերի Սրբուհի Ռիթայի մարմնէն՝ անոր ոսկորներէն մէկուն փոքր մասի մը, որպէսզի հաւատացեալները առիթ ունենան անով օրհնուելու եւ սուրբին բարեխօսութիւնը հայցելու։
Աստուծոյ շնորհքով, համաձայնութիւն գոյացաւ, որ սրբազան նշխարը յառաջիկայ տարուան Մարտ ամսուան ընթացքին փոխադրուի Սուրիա։ Այս հոգեւոր նշանակալից իրադարձութիւնը, կը յուսանք, շնորհքի եւ օրհնութեան աղբիւր պիտի դառնայ բոլոր հաւատացեալներուն համար։
Կ՚աղօթենք, որ Տէրը՝ Սրբուհի Ռիթայի՝ անլուծելի հարցերու բարեխօս սուրբին միջնորդութեամբ, օրհնէ այս նախաձեռնութիւնը, Իր շնորհքն ու խաղաղութիւնը հեղէ Իր բոլոր զաւակներուն վրայ, եւ այս հոգեւոր այցելութիւնը դարձնէ առիթ մը՝ հաւատքն ու յոյսը ամրապնդելու հաւատացեալներու սրտերուն մէջ։


