«Արեւելք»,- (Նիկոսիա)Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնները գեղեցիկ առիթ դարձան ոչ միայն յիշելու հաստատութեան փառաւոր անցեալը, այլեւ արժեւորելու այն նուիրեալ ուսուցիչները, որոնք սերունդներ կերտած են սիրով, գիտելիքով եւ օրինակելի ծառայութեամբ։
Այս ոգիով, երէկ կէսօրէ ետք, «Cyprus Melkonian Friends»-ի անդամները այցելեցին իրենց սիրելի ուսուցչուհիին՝ Տիկին Հերմինէ Քէշիշեան Պէքարեանին, եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին անոր երկարամեայ կրթական վաստակին։
