image

Պետական գաղտնիք պարունակող յայտարարութիւններ չեմ ըրած. Մովսէս Յակոբեան պատրաստ է դատարան ներկայանալու

Պետական գաղտնիք պարունակող յայտարարութիւններ չեմ ըրած. Մովսէս Յակոբեան պատրաստ է դատարան ներկայանալու

 

Պետական գաղտնիք հրապարակելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնն աւարտած է, նախկին բարձրաստիճան զինուորականը, որ ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան նախկին պետ Մովսէս Յակոբեանն է։
Ան Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, թէ գործի մասին ոչինչ կրնայ ըսել։ Յակոբեանը հաստատած է, որ գործը կը վերաբերի պատերազմէն ետք իր ասուլիսին, որու ընթացքին անդրադարձած էր պատերազմի ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեանին, անոր տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի՝ հրամանատարական շտապին մէջ գտնուելուն։

Հարցին՝ կը համարէ՞, թէ իր յայտարարութիւններուն մէջ եղած են կէտեր, որոնք պետական գաղտնիք պարունակած են, Յակոբեանը բացասական պատասխան տուած է։

Այն հարցին ալ, թէ այս գործին մէջ քաղաքական տողատակ կը տեսնէ՞, նկատի ունենալով, որ իր բոլոր մեղադրանքները ուղղուած էին գործող իշխանութեան, Նիկոլ Փաշինեանին, Մովսէս Յակոբեանն արձագանգած է՝ ինքը քաղաքական գործիչ չէ, որ քաղաքական տողատակ տեսնէ։

«Գործն ուղարկուել է դատախազին, վերջինս պէտք է որոշի՝ մեղադրանքը կարողանալու՞ է դատարանում պաշտապնել, թէ՞ ոչ։ Կանչեն դատարան, գնալու եմ»,-աւելցուցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան նախկին պետը։

Յակոբեան նաեւ յայտնած է, որ իր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին։