image

Մենք չենք խառնուիր Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն․ Իրանի դեսպանը՝ Գագիկ Ծառուկեանի գործի մասին

Մենք չենք խառնուիր Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն․ Իրանի դեսպանը՝ Գագիկ Ծառուկեանի գործի մասին

Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Խալիլ Շիրղոլամին յուլիս 8-ին լրագրողներու հետ զրոյցին անդրադարձած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի շուրջ յարուցուած քրէական գործին՝ ընդգծելով, որ Իրանը չի միջամտեր Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացներուն։

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն, մենք այդ հարցերուն չենք միջամտեր եւ ցանկութիւն ալ չունինք միջամտելու։ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան Ազգային ժողովի ընտրութիւններ, եւ մենք մեր կողմէ շնորհաւորական ուղերձ յղեցինք Հայաստանի իշխող կուսակցութեան։ Յոյսով ենք, որ այս շրջանին եւս երկու երկիրներու միջեւ առանձնայատուկ յարաբերութիւններն աւելի կը զարգանան»,-ըսած է դեսպանը։

Շիրղոլամին նշած է, որ Իրանի ներքաղաքական փորձը ցոյց կու տայ՝ երկրի մէջ առաջացած պառակտումները չեն կրնար յանգեցնել դրական արդիւնքներու։

«Մենք կ՚ուզենք, որ Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերը՝ թէ՛ իշխանութիւնը, թէ՛ ընդդիմութիւնը, կարենան միաւորուիլ ազգային գաղափարներու շուրջ։ Եթէ այդ չըլլայ, հետագայ զարգացումն անհնար պիտի ըլլայ։ Սա կ՚ըսեմ՝ ելլելով մեր ներքաղաքական փորձէն։ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան փափաքն է տեսնել ուժեղ, միասնական եւ համախմբուած Հայաստան»,- ընդգծած է ան։

Անդրադառնալով հայ-իրանական առեւտուրի պալատի ծրագիրին, որու շրջածիրէն ներս քրէական գործ կը քննուի, դեսպանն ըսած է, որ Իրանի համար ցաւալի է ծրագրի ձախողումը։

«Սա մեր ափսոսանքներէն մէկն է։ Մեզի համար շատ ցաւալի է, որ հայ-իրանական առեւտուրի պալատի ծրագիրը չյաջողեցաւ։ Մենք կ՚ուզէինք հիմնել հայ-իրանական համատեղ առեւտուրի կեդրոն, որու աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած էին Իրանի քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ պարոն Գագիկ Ծառուկեանը։ Կեդրոնի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, եւ Իրանի դեսպանատունը հետեւողականօրէն կ՚աջակցէր այդ նախաձեռնութեան։ Իմ նշանակուելէն առաջ ալ նախորդ դեսպանը մեծ ջանքեր կը գործադրէր ծրագրի իրականացման ուղղութեամբ»,- նշած է ան։

Դեսպանի խօսքով՝ ծրագիրի իրագործման ընթացքին կողմերու միջեւ առաջացած են տնտեսական տարաձայնութիւններ, եւ Իրանի դեսպանատունը փորձած է միջնորդել՝ փոխընդունելի լուծում գտնելու նպատակով։

«Մինչեւ վերջերս ես կապի մէջ էի երկու կողմերու հետ եւ կը փորձէի գտնել այնպիսի լուծում, որ ընդունելի ըլլար երկուքի համար ալ։ Այժմ արդէն գործ ունինք իրաւական գործընթացի հետ։ Յոյսով ենք, որ վկայութիւններու, առկայ փաստաթուղթերու եւ ապացոյցներու հիման վրայ հնարաւոր պիտի ըլլայ լուծել այս հարցը»,-ըսած է Շիրղոլամին։

Ան աւելցուցած է, որ հաշուի առնելով Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները՝ Թեհրանը չուզեր, որ այս պատմութիւնը որեւէ կերպ ստուերէ երկկողմ համագործակցութիւնը։

«Մենք բնաւ չենք ուզեր, որ որեւէ սեւ բիծ մնայ այս իմաստով»,- եզրափակած է Իրանի դեսպանը։