image

Իրանի հետ hրադադարն ինծի համար աւարտած է. Թրամփ

Իրանի հետ hրադադարն ինծի համար աւարտած է. Թրամփ

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յուլիս 8-ին Անգարայի մէջ յայտարարած է, որ Իրանի հետ հակամարտութիւնը դադրեցնելու նպատակով ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրը «աւարտած է», աւելցնելով, որ այլեւս չի փափաքիր գործ ունենալ Թեհրանի հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters-ը։

«Ինծի համար, կը կարծեմ, ամէն ինչ աւարտած է։ Ես չեմ ուզեր անոնց հետ գործ ունենալ»,– ըսած է Թրամփ Անգարայի մէջ՝ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի երկրորդ օրուան մեկնարկէն առաջ։

«Անոնք տականքներ են։ Անոնք հիւանդ մարդիկ են։ Անոնց ղեկավարները հիւանդ մարդիկ են։ Կը կարծեմ, որ անոնց հետ գործ ունենալը պարզապէս ժամանակի վատնում է»,– աւելցուցած է ան։