Երէկ հակամարտ զօրքերու սահմանին հակառակորդի կողմէ ձեռնարկուած նախայարձակ գործողութեան արդիւնքով արձանագրուած մահուան ելքով դէպքերէն ետք, այսօր առաւօտեան ատրպէյճանական կողմը հիւսիսային ուղղութեամբ դիմած է հերթական սադրանքի, որու հետևանքով ժամը 09.40-ի մօտերը մահացու հրազինային վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1997թ. ծնունդ Նարէկ Տիգրանի Գասպարեանը: Այս մասնի կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսելով կորստեան ծանր վիշտը, իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն եւ կե հաւաստիացնէ, որ միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններու անհասցէ յայտարարութիւններէն ոգեւորուած հակառակորդի դարանակալ գործողութիւններու պատասխանը պիտի ըլլայ թիրախային եւ անհամարժէք:
Յիշեցնենք, որ երէկ 16 յունիսին՝ ժամը 18:05-ի սահմաններուն, հակառակորդը հաստոցաւոր հակաթանկային նռնականետերէ խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մեկու պահպանութեան տեղամասի ուղղութեամբ, ինչի հետեւանքով մահացու վիրաւորումներ ստացած են ՊԲ զինծառայողներ Արայիկ Ռուտիկի Մատինեանը (ծնեալ 1997թ.), Վիգէն Ժիրայրի Պետրոսեանը (ծնեալ 1997թ.) եւ Վարդան Ծովակի Սարգսեանը (ծնեալ 1997թ.):