image

«Փութինն իր խօսքի տէրն է..» Էրտողանի պատասխանը Ռուսաց նախագահին

«Փութինն իր խօսքի տէրն է..» Էրտողանի պատասխանը Ռուսաց նախագահին

 

Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանը պատասխանած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ իրեն հասցէագրուած գովասանքին՝ Անգարայի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւններու մակարդակը «մեծ հազուադէպութիւն» անուանելով, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոստին:

«Փութինի այդ յայտարարութիւնը կը վերաբերի նաեւ իրեն: Այն պահէն ի վեր, երբ ես ծանօթացայ անոր հետ, ան այդպիսին էր: Ան անկեղծ մարդ է, իր խօսքի տէրն է, եւ մեր յարաբերութիւններու զարգացումը ցոյց կու տայ, որ գրեթէ ոչ մէկ պետութեան հետ նման ամուր կապեր չունինք, եւ այդ մեծ հազուադէպութիւն է: Յոյսով եմ՝ հետագային եւս նման յարաբերութիւններու մակարդակը կը պահպանուի»,-ըսած է Էրտողան:

Աւելի վաղ Փութինը յայտարարած է, որ երբեմն իր եւ Էրտողանի հայեացքները չեն համընկնիր առանձին հարցերու շուրջ, սակայն Էրտողանը «իր խօսքի տէրն է եւ պոչ չի խաղցներ»: