image
Հրատապ լուրեր:

Ձերբակալուած է Հրանդ Տինքի գործով հետախուզուողը

Ձերբակալուած է Հրանդ Տինքի գործով հետախուզուողը

Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ հետախուզուող՝ Թունճայ Ուզանտալը ձերբակալուած է Իզմիր մէջ:

Թրքական Ahvalnews հաղորդած է, որ Թունճայ Ուզանտալը նախապէս ձերբակալուած էր Տինքի սպանութեան գործով, որպէս կասկածեալ՝ զինեալ յանցախումբի անդամ ըլլալու եւ սպանութիւնը կազմակերպել օգնելու մեղադրանքներով:

Դատարանը այն ատեն անոր ստորագրութեան դիմաց ազատ արձակած էր, սակայն Ուզանտալ անհետ կորած էր, որմէ ետք դատարանը կրկին ձերբակալման որոշում կայացուցած էր: