image

«Հայաստան» դաշինքի անդամ յայտնի բժիշկ Արմէն Չարչեանը ձերբակալուած է

«Հայաստան» դաշինքի անդամ յայտնի բժիշկ Արմէն Չարչեանը  ձերբակալուած է

 

«Իզմիրլեան» հիւանդանոցի տնօրէն, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորութեան թեկնածու Արմէն Չարչեանը ձերբակալուած է: Այս մասին լուրը Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է անոր պաշտպան Էրիկ Ալեքսանեանը:

 

«Պարոն Չարչեանը ձերբակալուածի կարգավիճակ ունի, այս պահին մենք Յատուկ քննչական ծառայութիւնում ենք»,-ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ երէկ «Փաստերու ստուգման հարթակը» տեսանիւթ հրապարակած էր այն մասին, որ Արմէն Չարչեանը իր աշխատակիցներուն կ'ըսէ, որ պարտադիր պէտք է մասնակցին ընտրութեան:

Աւելին՝ լսուած է նաեւ, թէ ինչպէս կը զգուշացնէ, որ ընտրութիւններէն ետք կը կարողանայ իմանալ՝ ով մասնակցած է քուէարկութեան, ով՝ ոչ։ Չմասնակցողներու հանդէպ ալ վերաբերմունքը կը փոխուի, յայտարարած է ան․ - «Սա իմ մանդատն ա որպէս պատգամաւորի թեկնածու, ուրեմն էսօր ինձ պատգամաւորի ստատուս ա տալիս՝ անձեռնմխելիութիւնից ելնելով, վերջացրած ինֆորմացիա տիրապետելով։ Ես ընտրութիւններից յետոյ վերցնելու եմ ցուցակները եւ տեսնելու եմ ով ա գնացել քուէարկութեան եւ ով չի գնացել»։

Լսուած է, թէ ինչպէս, ենթադրաբար, Չարչեանը նաեւ կը յիշեցն, որ Իզմիրլեան բժշկական կեդրոնը կը պատկանի Մայր Աթոռին, իսկ վերջինիս դիրքորոշումն այն է, որ գործող իշխանութիւններու օգտին պէտք չէ քուէարկել։