«12 մարդ ձերբակալուած է: Անոնք բոլորը վարչական կալանքի տակ կը գտնուին՝ 166 (մանր խուլիկանութիւն) եւ 173 (անհնազանդութիւն ոստիկանութեան) յօդուածներով»,- ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Թիֆլիսի մէջ հինգշաբթի մեկնարկած է ԼԳԲՏ համայնքի ներկայացուցիչներու իրաւունքներուն նուիրուած շաբաթը: Միջոցառումներու կազմակերպիչը «Թիֆլիսի փրայտ» հասարակական կազմակերպութիւնն է: Առաջին օրը նուիրուած է վաւերագրական ֆիլմի փակ ցուցադրման:
Ցուցադրման վայրը գաղտնի եղած է, սակայն աւանդական արժէքներու շարք մը պաշտպաններ գիտցած են, միջոցառումը ուր տեղի պիտի ունենայ, եկած են շարժանկարի թատրոնի մօտ եւ փորձած են խոչընդոտել ֆիլմի ցուցադրութեան կայացումը: Այստեղ անոնց դիմաւորած են ոստիկանութեան աշխատակիցները: Իրավիճակը սրած է, երբ միջոցառման հիւրերու վրայ սկսած են քարեր, շիշեր եւ հաւկիթներ նետել: