image

Ոճրագործութիւն՝ որ ցնցած է Քուէյթը. Ձերբակալուած կասկածեալը Սուրիոյ քաղաքացի էր

Ոճրագործութիւն՝ որ ցնցած է Քուէյթը. Ձերբակալուած կասկածեալը Սուրիոյ քաղաքացի էր

Օրերս սարսափելի ոճիր մը ցնցած է Քուէյթի հասարակութիւնը։

 

 Այս մասին կը կարդանք «Սքայնիւզ Արապիյա» կայանի կայքէն։

 

 Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ 19-ամեայ երիտասրդ մը, որ փախստականի կարգավիճակ ունէր վէճի բռնուած է իր մօր հետ ու ապա սպաննած տարեց մօրը։

 

 Դէպքը պատահած է «Ալ Քուսուր» շրջանին մէջ, եւ ապա խոյս տալու ճանապարհին սպաննած է ոստիկան մը ու որոշ ժամանակով յաջողած է թաքնուած մնալ։

 Շրջանի ոստիկանութեան ջոկատներ մեծ ճիգեր գործադրելով կարողացած են մեղադրեալը ձերբակալել «Ալ Ուֆրա» շրջանին մէջ ու զինք յանձնել  ոճրադատ ատեանին։

 

 Կը նշուի, որ երիտասրդը Սուրիոյ քաղաքացի էր։