Այսօր Արցախէն Երեւան տեղափոխուած է երկու վիրաւոր զինծառայող: Այս մասին կը գրէ Tert.am-ը նշելով, որ տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանը: Անոր տեղեկացմամբ՝ վիրաւոր զինծառայողներէն մին տեղափոխուած է Երեւանի Կեդրոնական զինուորական հոսպիտալ, միւսը՝ «Մալայեանի» անուան ակնաբուժական կեդրոն:
«Երկու վիրաւորներուն վիճակը ծանր է, բայց կայուն»,- ըսաւ Յովհաննիսեանը:Յիշեցնենք, որ երէկ եւ այսօր առաւօտ հայկական բանակի չորս զինուորներ զոհուած են: Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի այսօր իրավիճակը եղած է կայուն:
Իր կարգին ԱՀ նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան իրավիճակին մասին խօսելով նկատել տուած է, որ հայկական կողմը պիտի պատասխանէ Ազրպէյճանի կողմէ եղած սադրանքներուն: