image

Հրատապ. Ատրպէյճան ազատ արձակած է 15 հայ ռազմագերի. Գերիները Պաքուէն ուղեւորուած են Երեւան

Հրատապ. Ատրպէյճան  ազատ  արձակած է  15 հայ  ռազմագերի. Գերիները     Պաքուէն  ուղեւորուած  են Երեւան

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանը Պաքուին ներկայացուցած է Ֆիզուլիի եւ Զանգելանի ականապատ դաշտերու քարտէզները:

«Սփութնիք»ի  ատրպէյճանական ծառայութիւնը հաղորդած է, որ ի պատասխան՝ ատրպէյճանական կողմը արտայանձնած է ազատազրկման դատապարտուած 15 զինծառայող, որոնց պատիժի կրման ժամկէտը լրացած է:

Ինչպէս հաղորդած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը, քարտէզներուն մէջ նշուած է 92 հազար ականներու գտնուելու վայրերը: